ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան եւ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձան Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի Տաւուշի հատուածէն ներս վերջին օրերուն Պաքուի կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններուն։ Անոնք կանգ առին Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ խաղաղ բնակավայրերու հրետակոծման վրայ։ Զրոյցի ընթացքին կարեւոր ու խորհրդանշական համարուեցաւ, որ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հոգեւորականները թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ, ինչպէս պատմութեան ամբողջ ընթացքին, այսօր ալ զօրավիգ են հայրենիքին, անոր անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը պաշտպանող զինուորներու կողքին են՝ աղօթքով ու հոգեւոր խօսքով զօրացնելով ու քաջալերելով հայրենիքի պաշտպանները։
Արմէն Սարգսեան եւ Վեհափառ Հայրապետը խօսեցան նաեւ ազգային-եկեղեցական կեանքի կարեւորագոյն խնդիրներու, Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման մասին։
Արմէն Սարգսեան Նորին Սրբութեան շնորհակալութիւն յայտնեց՝ քորոնաժահրի համաճարակի պայմաններուն ներքեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ կեանքի կոչուած աջակցութեան ծրագրերուն համար։