ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԽՆԱՄՔ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կառոյցներէն ներս ապաստան գտած ընտանիքներուն, որոնք Արցախի վերջին պատերազմին հետեւանքով պարտաւորուած են գաղթելու։ Նորին Սրբութիւնը Էջմիածին քաղաքէն ներս տեղահանեալ ընտանիքները իր հայրական հոգածութեան առարկայ դարձուց։ Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներուն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կացարան եւ ամբողջական խնամատարում ապահոված է նաեւ Ծաղկաձորի, Սաղմոսավանքի, Եղէգնաձորի այլ թեմական կառոյցներէն ներս։ Երէկուան հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի կողքին էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակի տնօրէն Տ. Մարկոս Քհնյ. Մանկասարեան։

Նորին Սրբութիւնը արցախցի ընտանիքներուն հետ զրուցեց անոնց սպասումներուն եւ ապագայ ծրագրերուն շուրջ։ Իր խօսքին մէջ ան անդրադարձաւ արցախցիներու ոգիի անպարտելիութեան ու քաջութեան՝ հակառակ այս պատերազմական օրերուն անոնց կրած զրկանքներուն, տառապանքին ու ցաւին։ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց, որ արցախահայութիւնը ուժ գտնէ իր մէջ եւ առ Աստուած ապաւինութեամբ վերադառնայ վերականգնելու Արցախը իր աշխատանքով վերստին շէնացնելու զայն եւ նոր փառաւոր էջեր արձանագրելու Արցախի պատմութեան մէջ։ Ըստ Վեհափառ Հայրապետին՝ հայ ժողովուրդը չի գիտեր վհատիլ, դժուարութիւններու առջեւ ծնկիլ, ինչ որ կը բխի իր քրիստոնէական հաւատքէն, առ Տէրն ունեցած վստահութենէն եւ բարձրեալն Աստուած իր օրհնութիւնը հովանի պիտի դարձնէ Հայաստանի եւ Արցախի վրայ, որպէսզի յաղթահարուի ստեղծուած այս ծանր ու դժուարին պահը։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ հայ ժողովուրդը Աստուծմէ ունի շնորհք ցաւն ու տառապանքը ուժի վերածելու եւ այդ ուժով արարելու, վերաշինելու իր կեանքը, արթուն պահելու իր մէջ հայրենիքի շէնութեան ու զօրացման, սերունդներու ապագայի կերտման եւ ժողովուրդի յարատեւութեան հետ առընչուած տեսիլքները։

Վեհափառ Հայրապետը արցախցիներուն պատգամեց ամուր պահել իրենց ոգին, զօրաւոր պահել հաւատքը՝ հաւաստիացնելով, թէ Հայոց Եկեղեցին եւ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը կարելի բոլոր միջոցներով եւ հնարաւորութիւններով օգնական ու զօրավիգ պիտի ըլլան անոնց առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման եւ Արցախի կեանքի վերաշինութեան ուղղութեամբ։ «Մենք կը հաւատանք, թէ պիտի կարողանանք մեր երազներու հայրենիքը կերտել մեր քաջարի զաւակներու հաւատքով եւ աննկուն ոգիով։ Այս ցաւի, տրտմութեան ապրումները մենք պիտի վերածենք ձեռքբերումներու ու յաղթանակի ապրումներու», եզրափակեց Վեհափառ Հայրապետը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 21, 2020