ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ԵՒ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԸ
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը այս օրերուն իրերայաջորդ կը հիւրընկալէ բարձրաստիճան հիւրեր։ Այսպէս, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու բաժանմունքի նորանշանակ պատասխանատու Տամի Պէն Խայիմ երէկ այցելեց Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքը։ Իրեն կ՚ընկերանային նոյն նախարարութեան բոլոր փոքրամասնութիւններու գծով բաժանմունքի ղեկավար Շուլի Տաւիտովիչ, Իսրայէլի ներքին գործոց նախարարութեան քրիստոնեայ համայնքներու բաժանմունքի վարիչ Սեզար Մարճիէի եւ նոյն բաժանմունքի բոլոր փոքրամասնութիւններու գծով մեծաւոր Էատ Սարխանի։
Հարկ է նշել, որ Տամի Պէն Խայիմ բոլորովին վերջերս ստանձնած է իր առաքելութիւնը եւ այս կապակցութեամբ փափաքած է այցելել Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը։ Սիրալիր մթնոլորտի մը մէջ անցաւ զրոյցը, որու ընթացքին շօշափուեցան Իսրայէլի փոքրամասնութիւններու եւ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու օրակարգի զանազան խնդիրները։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մանուկեան բարձրաստիճան դիւանակալներու այցելութիւնը ողջունեց՝ տեղեկութիւններ փոխանցելով Հայոց Պատրիարքութեան դիմագրաւած առկայ մարտահրաւէրներուն շուրջ։
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Սուրբ Աթոռի կալուածոց տեսուչ Տ. Կորիւն Եպիսկոպոս Պաղտասարեան եւ դիւանապետ Տ. Աղան Վարդապետ Գոգճեան։