ԿԱՐԵՒՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութիւններով երէկ կատարուեցան կարեւոր նշանակումներ։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետի կարգադրութեամբ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան ազատուեցաւ Արցախի թեմի առաջնորդի պաշտօնէն։ Ան նշանակուեցաւ յատուկ յանձնարարութիւններով հայրապետական նուիրակ։ Ինչպէս ծանօթ է, երանաշնորհ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Հայրապետի սրբատառ կոնդակով, Խորհրդային Միութեան փլուզման փուլին, Արցախեան շարժման զուգահեռ վերահաստատուած էր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմը եւ առաջնորդի պաշտօնը վստահուած՝ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանին։ Շուրջ երեք տասնամեակ ան ձեռնհասօրէն վարեց այդ պաշտօնը իր առաւելագոյնը անձնուրաց ձեւով տալով՝ իրեն վստահուած հօտին։ Արցախի վերջին լայնածաւալ պատերազմի օրերուն Նորին Սրբազնութիւնը սրտի անհանգստութիւն ունեցած էր եւ բուժման համար մեկնած՝ արտասահման։ Այժմ, այդ առողջական վերիվայրումներով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ ան կը փոխանցէ առաջնորդի պաշտօնը։

Նոյնպէս Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ՝ Արցախի թեմի նոր առաջնորդ նշանակուեցաւ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան, որ վերջին տարիներուն Հայաստանի զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդի պաշտօնը կը զբաղեցնէր։ Այժմ Նորին Սրբազնութիւնը կը գործուղղուի դէպի Արցախ։

Հայաստանի Զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդի պաշտօնակատար նշանակուեցաւ Տ. Ենովք Քահանայ Եսայեան։

Միւս կողմէ, յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ ռուսական լրատուամիջոցները կը շարունակեն անդրադառնալ Արցախէ ներս եկեղեցիներու եւ կրօնական ժառանգութեան պատկանելիութեան նիւթին։ Այսպէս, «Նեզավիսիմայա Կազեթա»ն գրեց, որ Ատրպէյճան հետեւողականօրէն կը փորձէ ապահայկականացնել Արցախի քրիստոնէական ժառանգութիւնը։

Ուրբաթ, Յունուար 22, 2021