ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՆԳԱՐԱ
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան կը շարունակէ իր շփումները քաղաքիս մէջ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, ան իր հերթական «անպաշտօն» եւ «մասնաւոր» այցելութիւնը կու տայ քաղաքս։ Չենք գիտեր ինչո՛ւ Նորին Ամենապատուութեան ուղեւորութեան մասին պաշտօնապէս ոչինչ կը հաղորդուի։
Մեր ստացած տեղեկութիւններուն համաձայն, Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան շաբաթավերջին միօրեայ կարճատեւ այցելութիւն մը տուաւ Անգարա։ Համայնքային շրջանակներու մօտ շրջանառութեան մէջ կը գտնուին անպաշտօն լսումները, ըստ որոնց Երուսաղէմի Պատրիարքը Ամմանի վրայով եկած է Իսթանպուլ, այս անգամ առանձին։ Ան չունի ընկերակից։ Իր իջեւանած Էլմատաղի «Տիվան» պանդոկին մէջ, ինչպէս հաղորդած էինք, Շաբաթ առաւօտեան ժամերուն ան տեսակցեցաւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի եւ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի հետ։ Այդ տեսակցութենէն վերջ է, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուղեւորուած է մայրաքաղաք, ուրկէ վերադարձած է նոյն օրուան երեկոյեան ժամերուն։ Անգարայի իր շփումներուն կապակցութեամբ չեն հաղորդուած մանրամասնութիւններ։
Իսթանպուլի իր կեցութեան օրերուն, ըստ մեր լսումներուն, Երուսաղէմի Պատրիարքը տեսակցութիւններ կ՚ունենայ փաստաբաններու հետ։ Երկար ժամանակէ ի վեր հանրային կարծիքի օրակարգին վրայ է, որ Երուսաղէմի Ս. Աթոռը հետամուտ է վերաձեռքբերելու սեփականութեան իրաւունքը իր երբեմնի այն կալուածներուն, որոնք ներկայիս կը գտնուին Թուրքիոյ սահմաններէն ներս։ Այս ուղղութեամբ Երուսաղէմի Պատրիարքը կը համագործակցի փաստաբանական գրասենեակի մը հետ։ Ս. Յակոբեանց վանքէն երկար ժամանակ առաջ մեզի պաշտօնապէս հաղորդուած էր, որ Երուսաղէմի Ս. Աթոռը Թուրքիոյ մէջ համաձայնած է փաստաբանական ընկերութեան մը հետ, որ կը հետապնդէ իր շահերը, իսկ վանքը այդ ծառայութիւններուն փոխարէն վճարում մը պիտի ընէ՝ միայն եթէ շօշափելի արդիւնքի մը հասնիլ կարելի ըլլայ։ Ներկայ պայմաններով, ըստ երեւոյթին, Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի այս այցելութեան նպատակը կը վերաբերի կալուածներու խնդրին։ Մասնաւորապէս Անգարա կատարած իր կարճ այցելութիւնը կ՚ամրապնդէ այս տպաւորութիւնը։ Յամենայնդէպս, առայժմ կարելի չէ եղած մանրամասնել, թէ մայրաքաղաքի մէջ որո՞ւ հետ տեսակցած է ան։ Պատրիարքին երկխօսները եղած են փաստաբաննե՞ր, թէ ոչ դիւանակալներ կամ պաշտօնական անձնաւորութիւններ։ Այս հարցումներուն պատասխանները առայժմ անստոյգ են։
Միւս կողմէ, Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան այս առաւօտ այցելեց Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ուր հիւրընկալուեցաւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանի եւ ատենապետ Իսկէնտէր Շահինկէօզի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդի անդամներուն կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ Օրթագիւղի թաղային խորհուրդը կը պատրաստուի նուիրատուութիւն մը ընել Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան եւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան այդ նիւթը քննարկելու համար իրականացուցած է այս այցելութիւնը։
Նոյնպէս մեր լսումներով, Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի Երուսաղէմ վերադարձը նախատեսուած է այս Չորեքշաբթի։ Նկատի ունենալով, որ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն պիտի վերադառնայ վաղը, հաւանական է՝ թէ Նորին Ամենապատուութիւնը վերադառնալէ առաջ տեսակցի անոր հետ։