ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ

 Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ, Օ­շա­կա­նի Ս. Մես­րոպ Մաշ­տոց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Շա­հէ Վրդ. Ա­նա­նեա­նին յա­տուկ ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը շնո­րհուե­ցաւ ծայ­րա­գոյն վար­դա­պե­տա­կան աս­տի­ճան։ Հարկ է նշել, որ ան­ցեալ շաբ­թուան երկ­րորդ կէ­սին Հայր Սուր­բի հա­մա­պա­տաս­խան թե­զի բա­նա­ւոր պաշտ­պա­նու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցած էր Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նին մէջ։ Աշ­խա­տան­քը ար­ժե­ւո­րուած էր յանձ­նա­ժո­ղո­վի մը կող­մէ՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի Աս­տուա­ծաշն­չա­յին ըն­կե­րու­թեան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Տ. Եզ­նիկ Արք. Պետ­րո­սեա­նի։ Սոյն աշ­խա­տու­թեան վե­րա­բե­րեալ դի­տար­կում­նե­րով հան­դէս ե­կան նաեւ միւս ան­դամ­նե­րը՝ Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան, Տ. Հայ­կա­զուն Եպսկ. Նա­ճա­ռեան եւ Տ. Վա­հան Եպսկ. Յով­հան­նի­սեան։

Այդ յա­ջող պաշտ­պա­նու­թե­նէն վերջ, Ֆրան­սա­յի Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Վա­հան Եպսկ. Յով­հան­նի­սեան շա­բա­թա­վեր­ջին Հայր Սուր­բին շնոր­հեց ծայ­րա­գոյն վար­դա­պե­տի աս­տի­ճան։

Ե­րէկ, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը այս կա­պակ­ցու­թեամբ ըն­դու­նեց Տ. Շա­հէ Ծ. Վրդ. Ա­նա­նեա­նը, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի լու­սա­րա­րա­պետ Տ. Յով­նան Եպսկ. Յա­կո­բեա­նի ու­ղեկ­ցու­թեամբ։ Այս առ­թիւ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը վար­դա­պե­տա­կան լան­ջա­խաչ մըն ալ շնոր­հեց Հայր Սուր­բին։ 

Երկուշաբթի, Փետրուար 22, 2016