ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՏՕՆԸ՝ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին ե­րէկ մեծ շու­քով նշեց Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց Քա­հա­նա­յից տօ­նը։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ նա­խա­գա­հեց ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Սուրբ եւ ան­մահ պա­տա­րագ մա­տու­ցուե­ցաւ միած­նաէջ Մայր Տա­ճա­րին մէջ, ձե­ռամբ՝ Տ. Ե­ղի­շէ Քհնյ. Նա­զա­րեա­նի։

Օ­րուան տօ­նին առ­թիւ մայ­րա­վան­քի հա­մա­լի­րէն ներս, Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի հան­դի­սու­թիւն­նե­րու սրա­հի եր­դի­քին տակ ալ տե­ղի ու­նե­ցաւ քա­հա­նա­յից հա­ւաք մը, ո­րու ըն­թաց­քին կա­տա­րուե­ցաւ  պար­գե­ւա­բաշ­խու­թիւն։ Շուրջ 250 քա­հա­նա­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հա­ւա­քը։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի կող­քին էին նաեւ խումբ մը ե­պիս­կո­պոս­ներ։ Ստա­նա­լով Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին օրհ­նու­թիւն­նե­րը քա­հա­նայ հայ­րե­րը վե­րա­դար­ձան ի­րենց ծա­ռա­յու­թեան վայ­րե­րը։

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ընդգ­ծեց, որ Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց Քա­հա­նա­յից տօ­նը նաեւ ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րը կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ անդ­րա­դառ­նա­լու ի­րենց ա­ռա­քե­լու­թեան ու կոչ­ման։ Ան պատ­գա­մեց, որ ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րը հո­գե­ւոր ծա­ռա­յու­թեան ար­դիւն­քով եւս պէտք է կա­րե­նան ա­ռա­քեա­լի նմա­նու­թեամբ հպար­տա­նալ ի­րենց խնամ­քին ներ­քեւ գտնուող­նե­րու ա­ռա­քի­նի վար­քով եւ քրիս­տո­նէա­վա­յել կեան­քով։ «Ա­ռա­քեա­լի հպար­տու­թիւ­նը, ար­դա­րեւ, ի­րենց յանձ­նուած հօ­տի ան­դամ­նե­րու քրիս­տո­նէա­կան բա­րի ըն­թացքն է, զօ­րեղ, նուի­րեալ հա­ւատքն առ Աս­տուած եւ հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը, նա­խան­ձախն­դիր ծա­ռա­յա­նուի­րու­մը հայ­րե­նիին նկատ­մամբ», ը­սաւ ան։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 22, 2017