ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՉԷ
Մեծ պահքի տասնմէկերորդ օրն է:
Մատթէոսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք Տէր Յիսուսի մէկ ուսուցումը՝ պահեցողութեան ինչութեան մասին: Մեր Տէրը կ՚ըսէ. «Երբ ծոմ կը պահէք, տրտումերես մի՛ ըլլաք կեղծաւորներուն նման, որոնք իրենց երեսը կը կախեն, որպէսզի մարդոց ցոյց տան թէ ծոմ կը պահեն: Վստահ եղէք, միայն ատիկա է անոնց վարձատրութիւնը: Ընդհակառակը, երբ դուն ծոմ կը պահես, օծէ՛ գլուխդ եւ լուա՛ երեսդ, որպէսզի մարդիկ չտեսնեն թէ ծոմ կը պահես, այլ՝ միայն Հայրը, որ անտեսանելի է. եւ Հայրդ, որ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս» (Մտ 6.16-18):
Գանք մեր առօրեային: Վստահաբար հանդիպած ենք շատերու, որոնք նախքան Մեծ պահքի շրջանը, կը սկսին խօսիլ, բարձրաձայնել, թէ իրենք այս տարի որոշած են պահք պահել: Երանի՜ այսքանով բաւարարուին. կը սկսին թուարկել, թէ շաբթուան որ մէկ օրը ինչ պիտի ուտեն, ինչ պիտի ընեն, ուր պիտի երթան…:
Ի տես այս բոլորին, ակամայ հարցում կը ծագի բնական մարդոց մօտ: Լաւ, այս ձեւով կարելի՞ է միթէ պահք պահել, այս մէկը կարելի՞ է պահք համարել: Այստեղ դատապարտութեան խօսք չկայ, որովհետեւ ամէն մէկուն պահքը քննողն ու ընդունողը Աստուած Ի՛նք է: Մեր կատարածը պարզապէս հարցադրում: Հարցադրում, որ ծնունդ կ՚առնէ Տէր Յիսուսի վերոնշեալ ուսուցումէն:
Պա՞հք կ՚ուզենք պահել, առաջին հերթին լռել սորվինք, որովհետեւ պահեցողութեան շրջանը առաւելաբար լսելու շրջան է, քան խօսելու:
Պա՞հք կ՚ուզենք պահել, մենք մեզ թթուեցնելու կարիք չունինք, մեր երեսները կախելու պէտք չունինք, առաւել եւս պէտք չունինք տրտմելու: Միթէ՞ կարելի է տրտմիլ այն ճամբորդութենէն, որ մեզ պիտի տանի հանդիպելու մեր Տէր ու Փրկիչ Յարուցեալ Յիսուս Քրիստոսին հետ:
Պա՞հք կ՚ուզենք պահել, առաջին հերթին մեր պահեցողութեան նպատակը պէտք է ըլլայ Աստուած: Այսինքն, պահեցողութեամբ մենք պէտք է աշխատինք մեր կապը ա՛լ աւելի ամրացնելու մեր Երկնաւոր հետ: Երկրորդ, պահեցողութիւնը պէտք է ծառայեցնենք մեր մէջէն արմատախիլ ընելու այն բոլոր յոռի երեւոյթները եւ բացասական ազդումները, որոնք արգելք կը հանդիսանան մեզի, հանգիստ կերպով հաղորդակցելու մեր Հօր հետ: Երրորդ եւ ի վերջոյ, պահեցողութեան շրջանը պէտք է օգտագործենք, որպէսզի մեր հոգին խաղաղեցնենք այս փոթորկոտ ու աղմկոտ աշխարհին մէջ, որպէսզի կարենանք Աստուծոյ ձայնը լսել, հասկնալ Անոր ըսածը եւ հասկնալէ ետք կեանքի կոչել, գործադրել զայն, այդպիսով պատրաստուելու հանդիպելու Տէր Յիսուսին հետ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ