Երեքշաբթի 26, Նոյեմբեր 2024
ԵՀԽ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՆԹԻԼԻԱՍ
Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ ընդունեց Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) ընդհանուր քարտուղար տքթ. Ճերի Փիլէյը։ Կիլիկեան Աթոռի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Կաթողիկոսը եւ ընդհանուր քարտուղարը ունեցան երկարատեւ զրոյց մը, որու ընթացքին ընդհանուր արժեւորում մը կատարեցին միջեկեղեցական շարժման ներկայ կացութեան կապակցութեամբ։ Անոնք շօշափեցին ԵՀԽ-ի կարգ մը ծրագրերը եւ կանգ առին զանազան մարզերու առաջնահերթութիւններուն վրայ։ Նոյնպէս երէկ, ընդհանուր քարտուղարը այցելեց Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանական համալիրը, ինչպէս նաեւ Կիլիկեան Աթոռի դպրեվանքն ու «Թռչնոց բոյն»ը։
Ուրբաթ, Մարտ 22, 2024