ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ԿԱՐԻՔՆԵՐԸ

Մեծ պահքի քառասուներորդ օրն է:

Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Ղպտի Եկեղեցւոյ հոգեւորականներէն Անպա Ռաֆայէլի մէկ կարճ գրութիւնը, որ «Մեծ պահքի կարիքները» խորագիրը կը կրէ: Քառասնորդացի վերջին օրը կը հրապարակենք այս գրութիւնը, առիթ ընծայելով պահեցողներուն վերաքաղ մը ընելու եւ հասկնալու, թէ իրենց պահեցողութիւնը տուա՞ծ է իր արդիւնքը:

Ահաւասիկ գրութիւնը. 

1) Սիրտին զղջումը։

Մեծ պահքը զղջումի եւ ուխտերը նորոգելու շրջան է։ Յիսուսին գիրկը վերադառնալու շրջանն է, որու ընթացքին կու լանք այն գէշ ժամանակին համար որ անցաւ (Ա. Պտ 4.3)։ Եկեղեցին, ամբողջ պահքի ընթացքին, մեզի զղջալու լաւ օրինակներ ցոյց կու տայ. Անառակ որդին, սամարացի կինը, կաղը, կոյր ծնածը, եւ այլն։ Տակաւին, կը յստակացնէ մեզի, թէ ինչպէս Տէր Յիսուսի հպումը հոգիին ու մարմինին բուժիչ է, զգայարանքներուն նորոգիչ եւ կեանք տուող։

2) Խաղաղութիւնն ու լռութիւնը։

Կեանքի մերօրեայ աղմուկը եւ ապրուստի դժուար պայմանները, գործով զբաղուիլն ու մտահոգութիւնները մարդուն ստիպած են որ մոռնան իր (կեանքի) իմաստն ու իր մարդկութիւնը, եւ զայն վերածած են մեծ գործիքի փոքր մասնիկի մը, որ կը շարժի անոր շարժելով ու կը կանգնի անոր կանգնելով։

Այսօր, մարդ արարածը ահաւոր իրարանցումի մէջ կ՚ապրի, կը փճացնէ զօրաւոր մարմին, միտք եւ կամք ունեցողը, ինչպէս նաեւ զօրաւոր հոգի ունեցողը։ Արդ, մենք մեծապէս կարիքը ունինք խաղաղութեան եւ լռութեան, որպէսզի սուզուինք մեր անձերուն խորքը՝ հեռու արտաքին իրարանցումներէն, եւ այդ մէկը նկատենք ճանապարհորդութիւն մը որոշելու համար մեր ուղութիւնները, եւ մեր առօրեայ ծրագիրներուն մէջէն հեռացնել անօգուտ բաները։ Օրինակ. դատարկ խօսակցութիւնները, շատախօսութիւնը եւ հեռաձայնային երկար խօսակցութիւնները…, եւ այլն։ Այդպիսով, ժամանակ կը գտնենք խաղաղութիւնն ու լռութիւնը վայելելու, պաշտամունքի ժամանակ երկիւղած ըլլալու, խորհրդածելու, գիտակցելու մեր տկարութիւնները եւ մեր անձերը գտնել Աստուծոյ հետ։

3) Բարեգործութիւն (ուրիշներուն օգնել)

«Եւ մի՛ մոռնաք բարեգործութիւն ընել եւ օգնել ուրիշներուն, որովհետեւ ատոնք են Աստուծոյ կամեցած զոհերը» (Եբր 13.16)։ Ողորմածութիւնն ու բարեգործելու ոգին փաստ մըն է զԱստուած սիրող բաւարարուած սիրտին… Սիրտ, որ բարեգործութիւն ընելով եւ ուրիշներուն ուրախութեամբ կ՚ուրախանայ։ Բարեգործութիւն կատարելը մեզ սրբացնելու միջոց մըն է, ինչպէս որ ողորմիլը կատարելութեան ճանապարհն է։ Արդարեւ, պահեցողութիւնը առիթ մըն է գործնապէս արտայայտելու մեր իսկական հաւատքը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Ուրբաթ, Մարտ 22, 2024