ԾԱՂԿԱՁՈՐԻ ՄԷՋ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՁՕՆՈՒԱԾ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնը վերջերս եռօրեայ համաժողով մը կազմակերպեց Ծաղկաձորի մէջ։ Այս նախաձեռնութեան իրենց օժանդակութիւնը բերած էին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի «Հայաստանեան կլոր սեղան» հիմնադրամն ու ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամը։
«Երբ ԵՍ-ը կը դառնայ ՄԵՆՔ» խորագրեալ եռօրեայ համաժողովի նպատակն էր դպրոցներու մէջ ծնողներու եւ աշակերտութեան հետ քահանաներու հանդիպումներու միջոցաւ որոշել ընտանեկան հիմնախնդիրներու յաղթահարման եզրերը եւ զանազան ճգնաժամերէ խուսափելու հոգեւոր ճանապարհը։ Համաժողովին մասնակցեցան շուրջ երեսուն հոգեւորականներ, նախաձեռնարկ կեդրոնի աշխատակիցներ եւ հիւրեր։
Համաժողովի բացման ելոյթով մը հանդէս եկաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան։
Համաժողովի աշխատանքներուն շրջագծով համապատասխան լսարաններու մէջ ծաւալուեցան մանրամասն քննարկումներ՝ ըստ խնդիրներու կամ նախատեսուած աշխատանքներու առանձնայատկութիւններուն։
Համաժողովի եզրափակիչ փուլին ամփոփուեցան լսարաններու քննարկումները, որոնց լոյսին տակ յստակեցուեցաւ ուղենշային ծրագրեր։