ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՅՈՐԴՈՐՆ Է՝ ԶԵՐԾ ՄՆԱԼ ՀԱԿԱՌԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ ԵՒ ՇԱՀԱՐԿՈՒՄՆԵՐԷ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանի կառավարութեան միջեւ ծագած լարուածութեան արձագանգները կը շարունակեն անմիջականօրէն զբաղեցնել հայաշխարհի օրակարգը։ Առկայ բանավէճի մթնոլորտին նախընթաց օր, դժբախտաբար, ուղղակիօրէն մասնակից դարձաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Ընկերային ցանցերու վրայ ուղիղ եթերով ունեցած ելոյթին ժամանակ Փաշինեան ըսած էր հետեւեալը. «Հայաստանի մէջ ակնյայտ կը դառնայ, որ հոգեւոր կեանքը արժէքներու եւ գաղափարներու սերմանման մեծ բացեր եւ խնդիրներ ունի, ինչ որ կը յառաջացնէ հոգեւորականութեան շրջանակին մէջ լրջագոյն հիասթափութիւն»։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգը երէկ այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու մէջ նշուեցաւ հետեւեալը.

«Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ապրիլի 20-ի իր տեսաուղերձին մէջ ի շարս այլ հարցերու անդրադարձ կատարեց նաեւ հոգեւորականութեան՝ յընթացս որակումներ եւ գնահատականներ հնչեցնելով անոր գործունէութեան վերաբերեալ։ Այս օրերուն, երբ մեր ժողովուրդը կը պատրաստուի աղօթքով իր խոնարհումը բերելու Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակին առջեւ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը չհամաձայնելով հանդերձ տրուած գնահատականներուն եւ արտայայտուած տեսակէտներուն, այս պահուն ձեռնպահ կը մնայ անդրադառնալ անոնց։ Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակի օրուայ նախաշեմին Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրական յորդորն է՝ զերծ մնալ հակառակութիւններէ ու շահարկումներէ եւ սիրոյ, համերաշխութեան եւ միաբանութեան ոգիով հայցել բարեխօսութիւնը մեր սուրբ նահատակներու՝ ի նպաստ հայրենիքի զօրացման, համազգային կեանքի մէջ առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման եւ մեր ժողովուրդի բարօրութեան»։

Բաց աստի, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ալէն Սիմոնեանի կողմէ Վեհափառ Հայրապետին դէմ կատարուած անպատշաճ յայտարարութեան արձագանգներն ալ կը շարունակուին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Կոմիտաս Վրդ. Յովնանեան այս կապակցութեամբ ընկերային ցանցերու վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Հայրապետի հասցէին ուղղուած անհիմն մեղադրանքները ստիպեցին զիս ըսելու, որ մեր օրերու որոշ անհեռատես խեղկատակներ սեւերու եւ սպիտակներու բաժնեցին բնակչութիւնը, սեպ խրեցին մեր մէջ»։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2020