ՊԷՅՔՈԶԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Երկար տարիներ վերջ Ս. Զատկի շրջանին արարողութիւն տեղի ունեցաւ Պէյքոզի եկեղեցւոյ մէջ, ինչ որ բացառիկ մթնոլորտի ստեղծուելուն առիթ դարձաւ։ Ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանայ Տամատեան, Տ. Կորիւն Աւ. Քահանայ Ֆէնէրճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ գլխաւորութեամբ Արշաւիր Սրկ. Պիւյիւքիշմանի։

Արարողութիւններէն վերջ ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանի կողմէ գլխաւորուած Պէյքոզի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուաւ հոգեւոր հայրերուն եւ ներկայներուն, որոնք յաջողութեան մաղթանքներ յղեցին՝ Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս գողտրիկ սրբավայրի կանթեղը վառ պահելու ուղղեալ ջանքերուն համար։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 22, 2024