ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՈՒՇԻ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շաբաթավերջին այցելեց Հայաստանի Արագածոտնի թեմի Ուշի համայնքի Սուրբ Սարգիս վանական համալիրը, ուր ամբողջական վերականգնման աշխատանքներ կ՚իրականացուին։ Վարդանեան եւ Մկրտչեան ընտանիքներու հովանաւորութեամբ եւ աջակցութեամբ սկսած են աշխատանքները։ Նախագծի հեղինակներն են՝ վերականգնող ճարտարապետներ Սամուէլ Այվազեան եւ Ամիրան Բադիշեան։ Այս նախաձեռնութեան շրջանակին մէջ առաջին փուլին կը վերականգնուի վանական համալիրի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին։ Այցելութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ծանօթացաւ ձեռնարկուած աշխատանքներուն։

Նորին Սրբութեան ընկերացան Արագածոտնի թեմակալ առաջնորդ Տ. Մկրտիչ Եպսկ. Պռոշեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան, ինչպէս նաեւ այլ միաբաններ։

Այցելութեան ընթացքին Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը օրհնեց նախագծի բարերարները, ճարտարապետներն ու շինարարները։ Ան մաղթեց, որ աշխատանքները բարեյաջող աւարտին եւ այս նուիրական ուխտավայրը հրաշագործ իր զօրութեամբ ամրացնէ յոյսն ու հաւատքը ժողովուրդի եւ օգնական ու պահապան ըլլայ՝ յաղթահարելու ներկայ ծանր փորձութիւնները։

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ԱՅՑ

Միւս կողմէ, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայաստանի Երիտասարդական միութեան անդամները։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 22, 2024