ԳԵՐՄԱՆԻԱՅԷՆ ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆՆԵՐ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Գերմանիոյ Հալլէ քաղաքի «Մարթին Լութհեր» համալսարանի Աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէէն պատուիրակութիւն մը, որ կը բաղկանար դասախօսներէ եւ ուսանողներէ։ Խումբը գլխաւորեց Գերմանիոյ աւետարանական եկեղեցւոյ Արեւելեան եւ Հարաւային Եւրոպայի բաժանմունքի տնօրէն փրոֆ. Մարթին Իլլէթը։

Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Շահէ Ծայրագոյն Վարդապետ Անանեան։

Յիշեալ համալսարանի Աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէի տեսուչ Տանիէլ Ցիւրաքա Նորին Սրբութեան տեղեկացուց, որ իրենց այցելութեան նպատակն է կրթական ոլորտէ ներս համագործակցութիւնը խորացնել Հայաստանի համալսարաններուն եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանին հետ։

Իր օրհնութիւնը փոխանցելով հիւրերուն՝ Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց կրթական ոլորտէ ներս նախանշուած ծրագրերն ու ձեւաւորուած համագործակցութիւնը։ Ան ուրախութեամբ ընդգծեց, որ Սուրբ Էջմիածնի միաբանները կը շարունակեն իրենց բարձրագոյն կրթութիւնը զանազան երկիրներու նշանաւոր աստուածաբանական համալսարաններէն եւ քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր ուսումնական հաստատութիւններէն ներս, ինչ որ էապէս կը նպաստէ փոխադարձ ճանաչման եւ միջեկեղեցական կապերու առաւել սերտացման։ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութիւն յայտնեց նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմի եւ այդ երկրի զանազան քրիստոնեայ յարանուանութիւններուն միջեւ ձեւաւորուած ջերմ համագործակցութեան համար։

Հուսկ, Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց հիւրերու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, անոնց յաղթահարման ուղղութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ գործադրած ջանքերուն եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կրթական հաստատութիւններու գործունէութեան։

Չորեքշաբթի, Մայիս 22, 2024