«ԴԷՊԻ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ»

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Շարժուելով դէպի ազատութիւն եւ խաղաղութիւն» խորագրեալ քայլերգի կազմակերպիչները։ Մահաթմա Կանտիի յիշատակին ձօնուած այս քայլերգի կազմակերպիչներուն ուղեկցեցաւ «Կանտի» հիմնադրամի Հայաստանի ներկայացուցիչ Արսէն Խառատեան։

Հիւրերը զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցին իրենց նախաձեռնած քայլարշաւի հիմնական նպատակները։ Անոնք կարեւորեցին կրօններու գործակցութիւնը մարդկութեան առջեւ ծառացած առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման եւ խաղաղ ու բարօր աշխարհի մը կերտման ուղղութեամբ։ Հիւրերը Վեհափառ Հայրապետի նկատառման յանձնեցին, որ քայլարշաւը նախատեսուած էր Տելհիէն մինչեւ Ժընեւ՝ միամեայ ժամանակով։ Քայլարշաւի մասնակիցները պիտի անցնին նաեւ Հայաստանէն եւ Արցախէն։

Նորին Սրբութիւնը զրոյցի տեւողութեան ողջունեց խաղաղութեան եւ ազատութեան գաղափարներու տարածման ուղղեալ քայլերգի այս նախաձեռնութիւնը։ Ան մատնանշեց, որ այդ գաղափարները դարեր շարունակ ուղեկցած են հայ ժողովուրդին, Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ հնչեցուած են՝ իբրեւ ամենօրեայ աղօթք ու մաղթանք։

Հանդիպման աւարտին Նորին Սրբութիւնը բարեյաջող առաքելութեան իր մաղթանքներն ու զօրակցութիւնը փոխանցեց քայլարշաւի կազմակերպիչներուն։

Երկուշաբթի, Յուլիս 22, 2019