ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ծննդեան տարեդարձն էր։ Վեհափառ Հայրապետը դարձաւ 68 տարեկան։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ զաւակները հերթական անգամ իրենց աղօթքին մէջ վերյիշեցին Նորին Սրբութիւնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ալ Վեհափառ Հայրապետի ծննդեան տարեդարձին առթիւ տեղի ունեցաւ մասնաւոր հաւաքոյթ մը։ Այսպէս, Մայր Աթոռի կառոյցներէն ներս պաշտօնավարող սրբազանները, Հայաստանի թեմերու առաջնորդները կամ առաջնորդական տեղապահները, Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան անդամները, Մայր Աթոռի մէջ սպասարկող քահանաներն ու պաշտօնէութիւնը այցելութիւն մը տուին Վեհափառ Հայրապետին։
Եկեղեցականներն ու աշխարհականները այս առթիւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին փոխանցեցին իրենց ջերմ շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթանքները։ Անոնք ամենազօր Աստուծոյ օգնականութիւնը հայցեցին Հայոց Հովուապետին՝ եկեղեցանուէր եւ ազգօգուտ հոգեւոր առաքելութեան իրականացման համար՝ մաղթելով երկար տարիներու արդիւնաւոր հովուապետութիւն՝ ի պայծառութիւն եւ ի շինութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ, ազգային եւ հայրենական կեանքին։
Վեհափառ Հայրապետը, շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ խօսքերու եւ շնորհաւորութիւններու համար, իր փոխադարձ մաղթանքները ուղղեց բոլորին։ Նորին Սրբութիւնը բարձրօրէն գնահատեց եկեղեցականներու եւ Մայր Աթոռի պաշտօնէութեան ազգին եւ եկեղեցիին մատուցած անսակարկ ծառայութիւնը եւ անուրանալի ներդրումը ազգային-հոգեւոր կեանքի զարգացման գործին մէջ։ Ան Սուրբ Էջմիածնի կողմէ արձանագրուած ձեռքբերումները նկատեց պտուղը աննկուն հաւատքի, միասնական համատեղ ջանքերու եւ նախանձախնդիր ու յանձնառու ոգիին։
Միւս կողմէ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի ծննդեան տարեդարձը։ Նախագահ Սարգսեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին հետ, շնորհաւորեց ծննդեան տարեդարձին առթիւ՝ մաղթելով քաջառողջութիւն եւ ամենայն բարիք։ Նախագահ Սարգսեան հեռախօսազրոյցին առընթեր գրաւոր շնորհաւորական մըն ալ ուղարկեց Նորին Սրբութեան։ Այս առթիւ ան նշեց հետեւեալը.
«Հոգեւոր առաջնորդները մեծ պատասխանատուութիւն եւ առաքելութիւն ունին Աստուծոյ եւ ժողովուրդի առջեւ, յատկապէս այն ժամանակներուն, երբ մարդկութեան առջեւ լուրջ մարտահրաւէրներ ծառացած են։ Բազում տարիներ դուք անմնացորդ ծառայութիւն կը մատուցէք Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ եւ մեր ժողովուրդին, այդ թուին՝ քսան տարի որպէս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս։ Թող Աստուած ձեզի ուժ տայ եւ աջակից ըլլայ ձեր առաքելութեան յանուն մեր ժողովուրդի բարօրութեան՝ ի հայրենիք եւ ի սփիւռս, յանուն մեր երկրի հզօրութեան եւ յանուն խաղաղութեան համայն աշխարհի մէջ։ Ձեզի կը մաղթեմ առողջութիւն, երկար կեանք եւ ամենայն բարիք»։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ Վեհափառ Հայրապետին ուղարկեց շնորհաւորական մը, որու մէջ նշուած է հետեւեալը.
«Վեհափառ Տէր, ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ ձեզ ձեր ծննդեան օրուայ կապակցութեամբ։ Կը կարեւորեմ ձեր դերը Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ համագործակցութեան ամրապնդման գործին մէջ, ինչին կը նպաստէ նաեւ մեր համատեղ որոշումով ստեղծուած աշխատանքային խումբի գործունէութիւնը։ Մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ մեծ կարեւորութիւն եւ դերակատարում ունի Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցին՝ հոգեւոր արժէքներու ամրապնդման, ազգային ինքնութեան պահպանման առումով։ Եւ վստահ եմ՝ դուք կը շարունակէք այդ ուղղութեամբ ձեր արդիւնաւէտ գործունէութիւնը։ Վեհափառ Տէր ձեզի կը մաղթեմ քաջառողջութիւններ հայրենանուէր առաքելութեան մէջ»։
Միւս կողմէ, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան եւ Սպիտակ Ռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն ալ Վեհափառ Հայրապետին շնորհաւորականներ ուղարկեցին ծննդեան օրուան առթիւ։