ԿՐԿՆԱԿ ՅՈԲԵԼԵԱՆՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմ­տեան Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեա­նի ի պա­տիւ յա­ռա­ջի­կայ ամսուան մէջ մե­ծա­րան­քի հան­դի­սու­թիւն­ներ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ։ Թե­մէն ներս պի­տի նշուի բա­րե­ջան ա­ռաջ­նոր­դին քա­հա­նա­յա­գոր­ծու­թեան 35-ա­մեայ եւ ե­պիս­կո­պո­սա­կան ձեռ­նադ­րու­թեան 25-ա­մեայ կրկնակ յո­բե­լեան­նե­րը։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը այս առ­թիւ գո­հա­բա­նա­կան Ս. Պա­տա­րագ պի­տի մա­տու­ցա­նէ ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, իսկ ա­ւե­լի վերջ Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի «Տիգ­րա­նեան» հա­մա­լի­րի «Գա­լայ­ճեան» սրա­հէն ներս մե­ծա­րան­քի ճաշ­կե­րոյթ մը պի­տի սար­քուի ի պա­տիւ ի­րեն։

Մինչ այդ, Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեան յայ­տա­րա­րեց, թէ Հայ եկե­ղեց­ւոյ ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թիւ­նը (ՀԵԵՄ) կը յա­ւակ­նի դառ­նալ հա­մա­հայ­կա­կան ե­րի­տա­սար­դա­կան շար­ժում մը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ՀԵԵՄ-ի գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րը կ՚ըն­թա­նան Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեա­նի վե­րահս­կո­ղու­թեան ներ­քեւ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը այս կա­պակ­ցու­թեամբ գոր­ծա­կա­լու­թեան տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ ը­սած է հե­տե­ւեա­լը.

«ՀԵԵՄ մը ու­նե­նա­լու հո­գե­լոյս Տ. Տի­րան Արք. Ներ­սո­յեա­նի տե­սիլ­քը մե­զի միշտ խան­դա­վա­ռած է որ­պէս հո­գե­ւոր հո­վիւ եւ ա­ռաջ­նորդ։ Ան­ցեալ ե­րե­սու-նըհինգ տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին, ուր որ ալ կան­չուե­ցանք ծա­ռա­յու­թեան, փոր­ձե­ցինք կեան­քի կո­չել Ներ­սո­յեան Սրբա­զա­նին տե­սիլ­քը՝ 1946-ին Ա­մե­րի­կա­յի մէջ իր իսկ ստեղ­ծած ՀԵԵՄ-ի նա­խա­տի­պը որ­պէս օ­րի­նակ ու­նե­նա­լով։ Աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րէն հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ե­կե­ղեց­ւոյ յար­կին տակ ի մի բե­րե­լու գա­ղա­փա­րը յղա­ցանք 2001-ին, Հա­յաս­տա­նի մէջ քրիս­տո­նէու­թեան որ­պէս պե­տա­կան կրօն հռչակ­ման 1700-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն ըն­թաց­քին։ Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին օրհ­նու­թեամբ եւ լիա­կա­տար ա­ջակ­ցու­թեամբ ան­մի­ջա­պէս ձեռ­նա­մուխ ե­ղանք այս նուի­րա­կան գոր­ծին՝ զա­նա­զան հան­դի­պում­ներ կազ­մա­կեր­պե­լով հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հետ։ Այ­սօր, տասն­չորս տա­րի վերջ, հե­տա­դարձ հա­յեաց­քով կրնանք իս­կա­պէս ը­սել, որ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վա­նիին ներ­քեւ հա­մա­հայ­կա­կան ե­րի­տա­սար­դա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը ստեղ­ծե­լու մեր տե­սիլ­քը ո­րո­շա­պէս յա­ջո­ղած է թէ՛ Հա­յաս­տա­նի եւ թէ Սփիւռ­քի մէջ՝ ծխա­կան կամ թե­մա­կան մա­կար­դա­կով։ Այ­դու­հան­դերձ, պէտք է ըն­դու­նիլ, որ նման ընդգր­կու­մով կազ­մա­կեր­պու­թեան մը հա­մար տասն­չորս տա­րին բա­ւա­րար ժա­մա­նակ մը չէ ինք­նա­կազ­մա­կերպուե­լու տե­սան­կիւ­նէն։ Մեր տե­սիլ­քին ակն­դէտ՝ մենք կը շա­րու­նա­կենք հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քով հա­մախմ­բել հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, կա­նո­նա­կար­գել կա­ռոյ­ցին վար­չա­ժո­ղո­վա­կան կեան­քը, յստա­կեց­նել յա­ռա­ջի­կայ ը­նե­լիք­նե­րը եւ լրջօ­րէն մշա­կել հե­ռա­հար ծրագ­րեր։ Ի վեր­ջոյ, ՀԵԵՄ-ի նպա­տա­կը մէկ է՝ հասց­նել գի­տա­կից, պատ­րաս­տուած, Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն եւ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րուն նկատ­մամբ նա­խան­ձախն­դիր սե­րունդ մը, որ իր հո­գե­ւոր եւ բա­րո­յա­կան նկա­րագ­րով նոր ո­րակ մը պի­տի հա­ղոր­դէ մեր ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քին»։­

Ըստ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րուն, ՀԵԵՄ-ի թե­մա­կան եւ ծխա­կան մաս­նա­ճիւ­ղե­րը ու­նին ի­րենց հաս­տա­տուած տա­րե­կան ծրագ­րե­րը եւ ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցը։ Կեդ­րո­նա­կան գրա­սե­նեա­կը կը հա­մա­կար­գէ եւ ի պա­հան­ջել հար­կին՝ կ՚ա­ջակ­ցի տե­ղա­կան մար­մին­նե­րուն զա­նա­զան հար­ցե­րով։ «Գի­տա­կից ենք, որ այս­պի­սի ընդգր­կուն եւ լայ­նա­ծա­ւալ ա­ռա­քե­լու­թիւն մը կը կա­րօ­տի մնա­յուն հո­գա­ծու­թեան եւ աշ­խա­տան­քի։ Մենք այդ յանձ­նա­ռու­թիւ­նով կը շա­րու­նա­կենք մեր ջան­քե­րը՝ ժրա­ջա­նու­թեամբ, հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեամբ եւ ե­ռան­դով», ը­սաւ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեան։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեան ընդգ­ծեց, թէ ՀԵԵՄ ինք­նին մեծ ուժ մըն է, ո­րով­հե­տեւ կը ներ­կա­յաց­նէ մեր ե­կե­ղեց­ւոյ զա­ւակ­նե­րը աշ­խար­հի զա­նա­զան կող­մե­րէն։ Անձ­նա­կան շփում­նե­րու, բա­րե­կա­մու­թեան եւ մտեր­մու­թեան շնոր­հիւ մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ կը հաս­տա­տեն այլ եր­կիր­նե­րու մէջ ապ­րող ու գոր­ծող ի­րենց տա­րե­կից­նե­րուն հետ եւ այս ե­րե­ւոյ­թը գործ­նա­կան տե­սան­կիւ­նէ հե­ռան­կա­րա­յին է ինք­նին։ «Հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, ի­րա­րու օգ­նե­լը, գործ­նա­կան կա­պեր հաս­տա­տե­լը եւ ին­չու չէ նաեւ, հայ ըն­տա­նիք­ներ կազ­մե­լը ա­ռանց­քա­յին նպա­տակ­ներ են ՀԵԵՄ-ի հա­մար։ «Այ­դու­հան­դերձ, մեր գե­րա­կայ խնդի­րը կը մնայ նոր, գի­տա­կից, պատ­րաս­տուած սե­րունդ մը հասց­նե­լը։ Ե­րի­տա­սար­դու­թեան եւ ե­կե­ղեց­ւոյ կա­պը պէտք է ըլ­լայ հո­գե­ւոր, գի­տակ­ցա­կան եւ ի­մա­ցա­կան հիմ­քի վրայ, այլ ոչ՝ զգա­ցա­կան կամ ա­ւան­դու­թեան ու­ժի։ Միայն այն­պէս կրնանք պատ­րաս­տել վա­ղուան ա­ռաջ­նորդ­նե­րը, նա­խան­ձախն­դիր պաշտ­պան­նե­րը, մեր ազ­գա­յին եւ հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րուն։ Մեր հա­մա­տեղ աշ­խա­տան­քի ար­դիւն­քը ար­դէն յու­սադ­րիչ է։ Ինչ­պէս որ մշակ մը կը սպա­սէ հունձ­քին, մենք ալ որ­պէս ե­կե­ղե­ցի ան­համ­բեր կը սպա­սենք՝ մեր ջան­քե­րուն բա­րի պտուղ­նե­րը քա­ղե­լու», եզ­րա­փա­կեց Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը։

ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Միւս կողմէ, «Հանգ­րուան­ներ եւ սիւ­ներ» նշա­նա­բանն էր Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց մայր տա­ճա­րի օծ­ման հին­գե­րորդ տա­րե­դար­ձի տօ­նախմ­բու­թեան: Ս. Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, շուրջ երեք հարիւր բա­րե­կամ­ներ, հա­մա­կիր­ներ եւ նուի­րա­տու­ներ մաս­նակ­ցե­ցան Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի «Ար­շակ եւ Է­լիա­նոր Տիգ­րա­նեան» հա­մա­լի­րի «Նա­զա­րէթ եւ Սի­մա Գա­լայ­ճեան» սրա­հին մէջ կազ­մա­կեր­պուած պաշ­տօ­նա­կան ճաշ­կե­րոյ­թին եւ յայ­տա­գի­րին: Ճաշ­կե­րոյ­թը ազ­նուա­բար հիւ­րըն­կա­լե­ցին Տքթ. Ա­րա­մա­յիս Պա­րո­նեան եւ Նա­թել­լա Լա­լա­բէ­կեան-Պա­րո­նեան:

Ներ­կայ գտնուող պա­տուար­ժան հիւ­րե­րուն մաս կը կազ­մէին Գա­լի­ֆոր­նիոյ Պե­տա­կան խորհր­դա­րա­նի ան­դամ Մայք Կա­թօ, Լոս Ան­ճե­լըս քա­ղա­քի Քա­ղա­քա­յին խոր­հուր­դի հա­յազ­գի ան­դամ Փոլ Գրի­գո­րեան եւ կողակիցը՝ Թա­մար, Լոս Ան­ճե­լը­սի մօտ Հա­յաս­տա­նի գլխա­ւոր հիւ­պա­տոս Սէր­կէյ Սար­կի­սով եւ իր փո­խա­նորդը՝ Վա­լե­րի Մկրտու­մեան, Թե­մա­կան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ իրա­ւա­բան Ժո­զէֆ Կա­նի­մեան, Թե­մա­կան խոր­հուր­դի ան­դամ­ներ, բա­րե­րար­ներ եւ Մայր տա­ճա­րի կնքա­հայ­րներ:

Բա­րի Գալս­տեան խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Մայր տա­ճա­րի օծ­ման հին­գե­րորդ տա­րե­դար­ձի յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պե­տու­հի Լե­նա Ա­գեան, որ իր խո­րին ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը յայտ­նեց Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հօր՝ իր հո­վուա­կան եւ հայ­րա­կան ցուց­մունք­նե­րուն եւ զօ­րակ­ցու­թեան հա­մար, ինչ­պէս նաեւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րուն՝ ի­րենց մա­տու­ցած նուի­րեալ ծա­ռա­յու­թեան եւ ան­խախտ քրիս­տո­նէա­կան ո­գիին հա­մար:

Բաց­ման խօս­քին մէջ Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը ի սրտէ իր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը յայտ­նեց բո­լոր այն հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն, ո­րոնք գործ­նա­կա­նա­պէս եւ զա­նա­զան մի­ջոց­նե­րով մաս­նակ­ցե­ցան Մայր տա­ճա­րի կա­ռուց­ման նուի­րա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան: Սրբա­զան Հայ­րը իր խօս­քին մէջ ը­սաւ. «Հինգ տա­րի ա­ռաջ բո­լորս ալ ա­կա­նա­տես­ներն էինք պատ­մա­կան օծ­ման Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց մայր տա­ճա­րին՝ ձե­ռամբ Նո­րին Սուրբ Օ­ծու­թիւն Տ. Տ. Գա­րե­գին Բ. Ծայ­րա­գոյն Պատ­րիար­քի եւ Կա­թո­ղի­կո­սի Ա­մե­նայն Հա­յոց: Այ­սօր մենք ո՛չ թէ միայն կը տօ­նախմ­բենք եր­կար տա­րին­րէ ի վեր սպա­սուած կա­ռու­ցու­մը Մայր տա­ճա­րին, այլ կը նա­խա­ձեռ­նենք նոր ծրագ­րի մը, որն է Մայր տա­ճա­րի Պա­հա­պան­ներ ծրա­գի­րը: Մեր խո­րին ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը կը փո­խան­ցենք ձեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րին՝ Ա­րեւմ­տեան Թե­մի հո­գե­ւոր կեդ­րո­նի կա­ռուց­ման մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար»:

Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հօր հրա­ւէ­րով, սե­ղան­նե­րուն օրհ­նու­թիւ­նը կա­տա­րեց Մայր տա­ճա­րի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Խա­ժակ Քհնյ. Շահ­պա­զեան, ա­պա հիւ­րե­րը վա­յե­լե­ցին ճա­շը եւ դի­տե­ցին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի Հե­ռուս­տա­ցոյ­ցի եւ ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թեանց (media) բա­ժան­մուն­քին կող­մէ պատ­րաս­տուած տե­սաե­րի­զը, որ կը ցու­ցադ­րէր Մայր տա­ճա­րի կրօ­նա­կան եւ մշա­կու­թա­յին դե­րը՝ հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս:

Ճաշ­կե­րոյ­թի ըն­թաց­քին Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը յա­տուկ պա­տուի ար­ժա­նա­ցուց Գա­լի­ֆոր­նիա Նա­հան­գի Խորհր­դա­րա­նի ան­դամ Մայք Կա­թօն՝ առ ի գնա­հա­տու­թիւն ա­մե­րի­կա­հայ հա­մայն­քին իր մա­տու­ցած սե­պուհ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն եւ ի­րեն յանձ­նեց խորհրդան­շա­նա­կան նուէր մը:

Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը նոյն­պէս պա­տուի ար­ժա­նա­ցուց Լոս Ան­ճե­լըս Քա­ղա­քի Քա­ղա­քա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ Փոլ Գրի­գո­րեա­նը՝ նշե­լով ա­նոր պա­տուա­բեր ծա­ռա­յու­թիւ­նը Լոս Ան­ճե­լը­սի հա­մայն բնա­կիչ­նե­րուն:

Հան­դի­սա­վար Լե­նա Ա­գեան անդ­րա­դար­ձաւ Հայց. Ե­կե­ղեց­ւոյ ու­նե­ցած դե­րին իր անձ­նա­կան կեան­քին մէջ: Շեշ­տե­լով փոքր տա­րի­քէն ի վեր իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցիէն ներս։ Ան­գեան նշեց կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, թէ պէտք է Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­դարձ­նենք մեր ստա­ցած­նե­րը, որ ա­պա­ւէնն է մեր ազ­գա­յին ինք­նու­թեան: Ա­պա ան ներ­կա­յա­ցուց նո­րա­գոյն ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը Ա­րեւմ­տեան Թե­մին, որն է դառ­նալ «Պա­հա­պան­նե­րը մայր տա­ճա­րի ծրա­գի­րին»:

Փակ­ման խօս­քին մէջ Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը գնա­հա­տեց Մայր տա­ճա­րի օծ­ման հին­գե­րորդ տա­րե­դար­ձի յանձ­նա­խում­բին կա­տա­րած կազ­մա­կերպ­չա­կան սքան­չե­լի աշ­խա­տան­քը՝ ա­տե­նա­պե­տու­թեամբ Լե­նա Ա­գեա­նի: Սրբա­զան Հայ­րը կոչ ուղ­ղեց հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն շա­րու­նա­կե­լու ի­րենց գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ,  Ա­րեւմ­տեան Թե­մի  եւ Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց մայր տա­ճա­րի ա­ռա­ւել պայ­ծա­ռաց­ման եւ բար­գա­ւաճ­ման հա­մար:

Բաց աստի, Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ տօ­նա­ցոյ­ցին հա­մա­ձայն, Խաչ­վե­րա­ցի տօ­նը, որ տա­րուան վեր­ջին տա­ղա­ւար տօնն է, նշուե­ցաւ Ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց մայր տա­ճա­րին մէջ: Օրուան պա­տա­րա­գիչն ու քա­րո­զիչն էր Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Ար­ք. Տէր­տէ­րեան:

Ս. Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին, Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը մաս­նակ­ցու­թեամբ Տ. Վա­չէ Ար­ք. Յով­սէ­փեանի, Տ. Սի­փան Ա. Քհնյ. Մխսեա­նի եւ Մայր տա­ճա­րի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Խա­ժակ Քհնյ. Շահ­պա­զեա­նի, հան­դի­սա­պե­տեց Խաչ­վե­րա­ցի ա­ւան­դա­կան ան­դաս­տա­նի ա­րա­րո­ղու­թեան:

Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը իր քա­րո­զին մէջ նախ անդ­րա­դար­ձաւ Խաչ­վե­րա­ցի հա­կիրճ պատ­մա­կա­նին: 614 թուականին պար­սիկ­նե­րը յար­ձա­կե­ցան Ե­րու­սա­ղէ­մի վրայ, կոր­ծա­նե­ցին քրիս­տո­նէա­կան սրբա­վայ­րեր եւ ե­կե­ղե­ցի­ներ, ո­րոնց մէջ կա­յին նաեւ Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թեան պատ­կա­նող վան­քեր եւ ե­կե­ղե­ցի­ներ եւ որ­պէս ա­նար­գանք քրիս­տո­նեա­նե­րուն, Քրիս­տո­սի Խա­չա­փայ­տը ի­րենց հետ Պարս­կաս­տան տա­րին: Սա­կայն 628 թուականին յոյ­նե­րուն բա­նա­կը՝ հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ Հե­րակլ կայ­սեր եւ հա­յոց բա­նա­կը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Մժեժ Գնու­նիի յար­ձա­կե­ցան Պարս­կաս­տա­նի վրայ, յաղ­թե­ցին եւ ա­զա­տագ­րե­ցին Քրիս­տո­սի Սուրբ Խա­չը եւ մեծ հան­դի­սու­թեամբ զայն Վա­նի, Վաս­պու­րա­կա­նի եւ Պոլ­սոյ ճամ­բով ա­ռաջ­նոր­դե­ցին դէ­պի Ե­րու­սա­ղէմ եւ բարձ­րա­ցու­ցին Գող­գո­թա­յի վրայ, ուր խա­չուած էր մեր Փրկի­չը:

Սրբա­զան Հայ­րը իր պատ­գա­մին մէջ շեշ­տեց Ս. Խա­չին նշա­նա­կու­թիւ­նը հայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու կեան­քէն ներս՝ ը­սե­լով. «Ս. Խա­չը կը խորհր­դան­շէ մեր ինք­նու­թիւ­-նը եւ կոչ կ­ÿուղ­ղէ մե­զի ա­ռաջ­նոր­դե­լու մնա­յուն եւ շա­րու­նա­կա­կան ճա­նա­պար­հոր­դու­թիւն Աս­տու­ծոյ հետ»:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2015