ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՄԵԾ ԱՂՕԹՔ

Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի եւ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքի համատեղ մասնակցութեամբ, աշխարհի մեծ կրօններու ներկայացուցիչները նախընթաց օր իրականացուցին խաղաղութեան մեծ աղօթք մը։ Այս յատկանշական արարողութեան մասնակցեցաւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ Աղօթքի աւարտին բոլոր մասնակիցները իջան հրապարակ, ուր Սրբազան Պապը հանդէս եկաւ կոչով մը. «Խաղաղութեան կարիքը կայ եւ մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ։ Վտանգ կայ, որ աշխարհ, քաղաքականութիւնը, հանրային կարծիքը ընտելանան պատերազմի չարիքին՝ որպէս մարդկային պատմութեան բնականոն ուղեկից»։

Հոգեւոր առաջնորդները հրապարակեցին նաեւ խաղաղութեան կոչ մը, որով մատնանշուեցաւ, որ միայն առանձին ազգերու չեն վերաբերիր՝ պատերազմներն ու խաղաղութիւնը, համաճարակներն ու առողջապահութիւնը, սովն ու սնունդի հասանելիութիւնը, երկրագունդի տաքացումը եւ կայուն զարգացումը, տեղահանումները, միջուկային ռիսքերու յաղթահարումը եւ անհաւասարութիւններու նուազեցումը։ Ուստի, կոչ ուղղուեցաւ, որպէսզի պետութիւններու ղեկավարները միասնաբար աշխատին խաղաղութեան նոր ճարտարապետութեան մը վրայ։

Միւս կողմէ, Երուսաղէմի յունաց պատրիարքը կոչ ուղղեց, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համար գտնուի խաղաղ լուծում մը։ Այսպէս, Թէոֆիլոս Գ. Պատրիարք նամակ մը ուղարկած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ան այս առթիւ ընդգծած է, որ Երուսաղէմի Յունաց Պատրիարքութիւնը միշտ դատապարտած է բռնութիւնները որեւէ վայրի մէջ ու խրախուսած՝ բանակցութիւնները։ «Ի խորոց սրտի մեր աղօթքն է, որպէսզի հակամարտ կողմերու ղեկավարները անյապաղ նստին բանակցութիւններու սեղանի շուրջ, լուծեն այս բարդ իրավիճակը եւ վերականգնեն խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը տարածքաշրջանէ ներս», նշուած է նամակին մէջ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2020