ԿՐԿՆԱԿԻ ՀՐՃՈՒԱՆՔ
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբը աւարտեց դէպի Երուսաղէմ ուղեւորութիւնը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ, ներկայ տարեմուտին դէպի Սուրբ Երկիր կազմակերպուեցաւ հերթական ուխտագնացութիւնը, որով մեր համայնքի ուխտաւորները առիթն ունեցան Սուրբ Երկրի մէջ մասնակցելու Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնակատարութիւններուն։ Ծանօթ է, որ Հայց. Առաքելական Եկեղեցին Երուսաղէմի մէջ տաղաւարները կը նշէ ըստ հին տոմարի։
Այս տարուան ուխտաւորներու խումբին կորիզը կազմեց Վարդանանց երգչախումբը։ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր ընկերներն ալ միացան երգչախումբի անդամներուն։ Ուխտագնացութիւնը գլխաւորեց դպրաց դասու նախագահ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որու կողքին էր նաեւ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։
Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան այրին մէջ Վարդանանց երգչախումբը կատարեց տաղաւարի արարողութիւններու երգեցողութիւնները՝ գլխաւորութեամբ Ատրուշան Հալաճեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Թէոդորոս Վրդ. Զաքարեան։ Արարողութիւններուն նախագահեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան։ Բեթղեհէմի մէջ տաղաւարի առթիւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ սարքուեցաւ նաեւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը։ Թէ՛ արարողութեան եւ թէ ընդունելութեան մասնակցեցան նաեւ Պաղեստինի ղեկավար Մահմուտ Ապպաս եւ Վարչապետ Ռիմա Հաթուլլայ։
Վարդանանց երգչախումբի անդամները Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց մայր տաճարէն ներս կատարեցին նաեւ աւանդական ուխտաւորաց Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները։ Թէ՛ սաղիմահայ հաւատացեալները եւ թէ բոլոր հայ ուխտաւորները խորապէս տպաւորուեցան Վարդանանց երգչախումբի երգեցողութիւններէն։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքն ալ իսթանպուլահայ ուխտաւորներու խումբը հիւրընկալեց Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ եւ այս առթիւ բարձր գնահատեց Վարդանանց երգչախումբի երգեցողութիւնները։
Եկեղեցական
- 11/27/2024