… ԵՒ ՍՐԲԱԴԱՍՄԱՆ ՕՐԸ ՀԱՍԱՒ

Ապ­րի­լի 24-ին ըն­դա­ռաջ հա­մայն աշ­խար­հի հա­յու­թիւ­նը այ­սօր կ՚ապ­րի յատ­կան­շա­կան օր մը։ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին այ­սօր կը կա­տա­րէ պատ­մա­կան կար­գադ­րու­թիւն մը, ո­րուն կը սպա­սուէր եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր։ Ե­կած-հա­սած է Սրբա­դաս­ման օ­րը։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին նա­խա­գա­հու­թեամբ այ­սօր տե­ղի կ՚ու­նե­նայ 1915-ի նա­հա­տակ­նե­րու Սրբա­դաս­ման կար­գը։ Մայ­րա­վան­քի հա­մա­լի­րէն ներս, Ս. Տրդա­տի բաց խո­րա­նին առ­ջեւ կը կա­տա­րուի Սրբա­դա­սու­մը, որ 2015 թուա­կա­նին զու­գա­դի­պած 100-րդ տա­րե­լի­ցին գլխա­ւոր, ա­ռանց­քա­յին հանգ­րուա­նը կը հան­դի­սա­նայ։ Քրիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու բարձ­րաս­տի­ճան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւս կը մաս­նակ­ցին այս ա­րա­րո­ղու­թեան, ինչ որ ար­դէն կ՚ա­պա­ցու­ցա­նէ ա­նոր հա­մաք­րիս­տո­նէա­կան նշա­նա­կու­թիւ­նը։

Սրբա­դաս­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­դա­ռաջ, ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րին մէջ, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին նա­խա­գա­հու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հսկու­մի խորհր­դա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն մը։ Մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան այս Հսկու­մին ըն­թաց­քին Ա­մե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պե­տը ը­սաւ. «Նա­հա­տա­կու­թեան ո­գին քրիս­տո­նէա­կան մեր կեան­քը սնու­ցող աղ­բիւրն է, որ ա­ռա­տօ­րէն ո­ռո­գած է քրիս­տո­սա­սէր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հա­ւատ­քի ան­դաս­տան­նե­րը։ Պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին մար­տի­րոս­նե­րուն հե­ղած ա­րիւ­նը կեն­սու­նա­կու­թիւն պար­գե­ւած է ե­կե­ղե­ցիին»։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը մաղ­թեց, որ Աս­տուած օրհ­նէ ար­դա­րու­թեան եւ ազ­գե­րու մի­ջեւ եղ­բայ­րու­թեան ճա­նա­պարհ­նե­րը, որ­պէս­զի ո­րե­ւէ ժո­ղո­վուրդ այ­լեւս չապ­րի ցե­ղաս­պա­նու­թեան ող­բեր­գու­թիւ­նը։ «Ա­ղօթք եւ օրհ­նու­թիւն ցե­ղաս­պա­նու­թեան ան­մեղ բո­լոր զո­հե­րու յի­շա­տա­կին», ը­սաւ ան։

Ե­րէ­կուան Հսկու­մէն վերջ, այս ա­ռա­ւօտ ալ հան­դի­սա­ւոր Ս. Պա­տա­րագ մա­տու­ցուե­ցաւ Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րին մէջ։ Բաց աս­տի, ե­րէկ ապ­րուե­ցաւ նաեւ խորհր­դան­շա­կան ու­րիշ ի­րա­դար­ձու­թիւն մը։ Ե­րե­ւա­նի «Կո­մի­տաս» պան­թէո­նի խարս­խուած զբօ­սայ­գիին յա­րա­կից կա­տա­րուե­ցաւ Սրբոց Նա­հա­տա­կաց ե­կե­ղեց­ւոյ հո­ղօրհ­նէ­քը։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը հան­դի­սա­պե­տեց ա­րա­րո­ղու­թեան, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նին։ Այս ե­կե­ղեց­ւոյ բա­րե­րարն է ռու­սա­հայ յայտ­նի գոր­ծա­րար Սա­մուէլ Կա­րա­պե­տեան։

Նոյն­պէս ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ե­կե­ղե­ցի­նե­րը ընդ­դէմ ցե­ղաս­պա­նու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թեան. մարդ­կա­յին կեան­քը՝ Աս­տու­ծոյ պար­գեւ» խո­րագ­րեալ մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան նիստ մը։ «Ընդ­դէմ ցե­ղաս­պա­նու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թեան» կլո­պալ հա­մա­ժո­ղո­վին շրջագ­ծով տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հա­ւա­քոյ­թը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան Սրբա­դաս­ման եւ Ապ­րի­լի 24-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն հա­մար Հա­յաս­տան ժա­մա­նած քրիս­տո­նէա­կան 35 ե­կե­ղե­ցի­նե­րէ հո­վուա­պետ­ներ կամ պա­տուի­րա­կու­թիւն­ներ, մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին նա­խա­գա­հու­թեամբ գու­մա­րուած նիս­տին ա­ւար­տին ըն­դու­նուե­ցաւ հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը։ Այս առ­թիւ հաս­տա­տուե­ցաւ, որ կրօ­նա­կան, ազ­գա­յին կամ ցե­ղա­յին խտրա­կա­նու­թեան հի­ման վրայ ի­րա­գոր­ծուած բռնու­թիւն­ներն ու սպա­նու­թիւն­նե­րը չու­նին ար­դա­րա­ցում եւ ա­նոնց վրայ չեն տա­րա­ծուիր վա­ղե­մու­թեան ժամ­կէտ­նե­րը։ Դա­տա­պար­տուե­ցան խա­ղա­ղու­թեան եւ մարդ­կա­յին կեան­քի անվ­տան­գու­թեան սպառ­նա­ցող ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րը եւ բո­լոր յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը՝ որ­պէս մարդ­կու­թեան դէմ ուղ­ղուած չա­րի­քի եւ մեղ­քի դրսե­ւո­րում։

Հարկ է նշել, որ Հա­յաս­տա­նի ո­գե­կո­չում­նե­րուն նկատ­մամբ ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րեն մի­ջազ­գա­յին զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րը։ Թրքա­կան լրաս­փիւռ­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներն ալ այս շրջագ­ծով կը գտնուին Ե­րե­ւա­նի մէջ։ «CNN Türk» հե­ռուս­տա­կա­յա­նի թղթա­կից Տամ­լա Տո­ղան Ե­րե­ւա­նի մէջ հար­ցազ­րոյց մը ը­րած է Սերժ Սարգ­սեա­նի հետ։ Այս առ­թիւ ան յայտ­նածլ է, թէ թուր­քե­րը եւ հա­յե­րը կը գտնուին նոյն տա­րած­քաշր­ջա­նին մէջ, ի­րենց կամ­քով չէ որ հա­րե­ւան ե­ղած են։ Սարգ­սեան յայտ­նած է, որ ե­թէ Ցիւ­րի­խի մէջ ստո­րագ­րուած ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը հաս­տա­տուէին Թուր­քիոյ կող­մէ, ա­պա ա­մէն ինչ շատ ա­ւե­լի տար­բեր պի­տի ըլ­լար։ Հա­յաս­տան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը խորհր­դա­րա­նէն ետ կան­չե­լով քա­ղա­քա­կան պատ­գամ մը փո­խան­ցած է Թուր­քիոյ։ «Մենք մեր ստո­րագ­րու­թիւ­նը ետ չենք քա­շած, ե­թէ Թուր­քիան վա­ւե­րաց­նէ, ա­պա մենք ալ կը վա­ւե­րաց­նենք», նշած է Սարգ­սեան։

Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի նա­խըն­թաց օ­րուան պատ­գա­մին անդ­րա­դառ­նա­լով՝ Սերժ Սարգ­սեան յայտ­նած է, որ սա մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ուղ­ղեալ յայ­տա­րա­րու­թիւն մըն էր։ «Յու­սամ Նա­խա­գահ Էր­տո­ղան Ապ­րի­լի 24-ին ա­ւե­լի զօ­րա­ւոր յայ­տա­րա­րու­թիւն մը կ՚ը­նէ եւ մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կը դառ­նան բնա­կա­նոն», ը­սած է Սարգ­սեան։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 23, 2015