ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԵՐԷԿ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԱԶԳԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Լիբանանի Երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի նախարար Վարդինէ Օհանեանը, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Իրեն կ՚ընկերանար Պէյրութի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Ադաբէկեան։ Նախարար Վարդինէ Օհանեան Հայաստան մեկնած է մասնակցելու 24 Ապրիլի ոգեկոչումներուն՝ որպէս Լիբանանի նախագահ Միշել Աունի յատուկ ներկայացուցիչը։ Երէկուան հանդիպման ընթացքին Օհանեան Նորին Սրբութեան փոխանցեց Միշել Աունի ողջոյններն ու բարեմաղթանքը։ Ան ընդգծեց, որ լիբանանահայութեան համար Մայր Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարումը եւ խնդիրներու լուծումը առաջնահերթութիւն է եւ ան կը փորձէ իր հնարաւորութիւններու սահմաններէն ներս նպաստել։

Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Վարդինէ Օհանեանի այցելութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ գնահատեց առկայ դժուարին ժամանակաշրջանին անոր Հայաստանի մէջ ներկայութիւնը։ Զրոյցի տեւողութեան Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ երկու ժողովուրդներուն պատուհասած արհաւիրքներուն եւ վստահութիւն յայտնեց, որ անոնք պիտի յաղթահարուին Աստուծոյ օգնութեամբ, լաւատեսութեամբ ու պատմական փորձառութեան շնորհիւ։ Իր կարգին, ի դէմս նախարարին՝ Վեհափառ Հայրապետն ալ ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Լիբանանի նախագահին եւ կառավարութեան։ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ հաստատեց, որ Լիբանանի իշխանութիւնները մշտապէս աջակցած են Հայաստանին ու բարձր գնահատած՝ լիբանանահայ համայնքին գործունէութիւնը ի նպաստ երկրի զարգացման ու յառաջընթացին։ Նորին Սրբութիւնը երախտագիտութիւն յայտնեց Լիբանանի բարեկամ ժողովուրդին՝ տեղւոյն հայութեան ազգային-եկեղեցական կեանքի վերակազմակերպման նկատմամբ ցուցաբերուած աջակցութեան համար։ Ան վստահութիւն յայտնեց, թէ երկու երկիրներու բարեկամութիւնը պիտի շարունակէ նորանոր արդիւնքներ արձանագրել եւ առաւել ամրապնդուիլ։

Վեհարանի հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ լիբանանահայութեան կեանքին ու դիմագրաւած առկայ դժուարութիւններուն։ Կարեւոր նկատուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը համայնքի պահպանման եւ զօրացման ուղղութեամբ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 23, 2021