ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՀՈՍՔ
Վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կ՚ապրուի քոյր եկեղեցիներու կողմէ ուխտաւորաց խումբերու հոսք եւ բարձրաստիճան եկեղեցականներու այցելութիւններ։ Այսպէս, Ասորի Ուղղափառ, Կաթոլիկ եւ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցիներու կողմէ ներկայացուցիչներ հիւրընկալուեցան Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։
Երէկ, Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Անգլիոյ Թեմի Առաջնորդ Մար Աթանաս Եպիսկոպոսին կողմէ գլխաւորուած ուխտաւորներու խումբ մը Մայր Աթոռի մէջ էր։ Սուրիայէն եւ Իրաքէն Հայաստան մեկնած Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ շուրջ յիսուն ուխտաւորները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան Վեհափառ Հայրապետին կողմէ։ Փոխանցելով իր գնահատանքը ուխտաւորներուն նկատմամբ՝ Նորին Սրբութիւնը յորդորեց, որ իրենց ամուր, աննկուն ու հաստատուն հաւատքով անոնք շարունակեն մշտապէս նեցուկ ըլլալ Սուրիոյ եւ Իրաքի քրիստոնեաներուն։ Միեւնոյն ժամանակ Վեհափառ Հայրապետը եղբայրական իր սիրոյ ջերմ բարեմաղթանքը փոխանցեց Ասորի Ուղղափառաց Եփրեմ Բ. Պատրիարքին։ Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ տարածքաշրջանէն ներս խաղաղութեան հաստատման եւ փախստականներու վերաբերեալ խնդիրներուն։
Բաց աստի, Գերմանիայէն Հայաստան մեկնած Թրիէրի Կաթոլիկ Թեմի ուխտաւորները եւս հիւրընկալուեցան Նորին Սրբութեան կողմէ։ Խումբը կը գլխաւորէր Թրիէրի եպիսկոպոս Քրիստոֆ Շթեֆան Աքքերման։
Միւս կողմէ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելեց նաեւ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցիէն Պելոցերքովի եւ Պուկուսլաւի մետրապոլիտի Աւկուստինի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ հիւրընկալուեցաւ նոյնպէս Վեհափառ Հայրապետին կողմէ։
Եկեղեցական
- 11/27/2024