ՎԵՐԱՊԱՏՐԱՍՏՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերապատրաստման դասընթացներու մասնակից եկեղեցականներու հետ։ Մայրավանքի տարածքէն ներս, «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ միամսեայ վերապատրաստման հերթական դասընթացներուն կը մասնակցին 23 եկեղեցականներ՝ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի թեմերէն։ Նորին Սրբութեան օրհնութեամբ այս տարուան Փետրուարին սկսած վերապատրաստման այս դասընթացները կը կրեն պարբերական բնոյթ։ Հայկ եւ Էլզա Թիթիզեան ամոլի բարերարութեամբ կը կազմակերպուի այս ծրագիրը, որու համակարգողն է՝ Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան։ Մասնակից հոգեւորականները կը թարմացնեն իրենց ծիսական, աստուածաբանական ու պատմական գիտելիքները, կը մասնակցին Միածնաէջ Մայր Տաճարի մէջ կատարուող աղօթասացութիւններուն։ Ցայսօր քահանաներու վերապատրաստման դասընթացներուն մասնակցած են թիւով 60 հոգեւորականներ։

Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնը փոխանցեց դասընթացի մասնակիցներուն եւ հետաքրքրուեցաւ վերապատրաստման ընթացքով, նաեւ քահանաներու կեցութեան պայմաններուն։ Նորին Սրբութիւնը մասնաւոր գնահատանքով արտայայտուեցաւ Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեանի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեանի կողմէ գործադրուած ջանքերուն մասին։

Աւելի վերջ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց այս վերապատրաստման դասընթացները, որոնք հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն թեմերէ ժամանած հոգեւորականներու վանական մթնոլորտի մէջ առանձնանալու, աղօթելու եւ հոգեւոր կեանքով աւելի զօրանալու, ինչպէս նաեւ քննարկելու եկեղեցւոյ եւ հասարակութեան առջեւ ծառացած արդի մարտահրաւէրները եւ անոնց յաղթահարման ի խնդիր ներդրուած մեծ ջանքերը։

Ապա Նորին Սրբութիւնը յորդորեց եկեղեցականներուն լաւագոյնս օգտուիլ այս հնարաւորութիւններէն, ամբարել նոր գիտելիքներ, զօրանալ իրարու փորձառութեամբ՝ առաւել մեծ նախանձախնդրութեամբ ու հոգեւոր խանդավառութեամբ վերադառնալ իրենց հովուական ծառայութեան վայրերը։

Հանդիպման աւարտին Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց քահանաներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին հովուական ծառայութեան եւ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքի կազմակերպման։

Չորեքշաբթի, Մայիս 23, 2018