ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ մէկտեղուեցաւ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակից եկեղեցականներու հերթական խումբին հետ։ Հայաստանի եւ սփիւռքի զանազան թեմերէն դասընթացքներուն մասնակից եկեղեցականներուն փոխանցելով իր օրհնութիւնը՝ Վեհափառ Հայրապետը յորդորեց լաւագոյնս օգտուիլ այս հնարաւորութենէն եւ ամբարել նոր գիտելիքներ։ Ան ընդգծեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածնի մէջ կազմակերպուած վերապատրաստման դասընթացքները կարեւորութիւն կը ներկայացնեն՝ հոգեւոր սպասաւորութեան առաւել արդիւնաւորման տեսակէտէ։
Բաց աստի, Նորին Սրբութիւնը երէկ ընդունեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) կողմէ պատուիրակութիւն մը, որու կազմին մէջ կը գտնուէին Ֆրանսայի ծերակոյտէն անդամներ։ Հիւրերու շարքին էին ՀՅԴ-ի պիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան եւ անդամներէն Մուրատ Փափազեան։ Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները։ Հիւրերու հարցումներուն պատասխանելով՝ Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ Ատրպէյճանէն հայ ռազմագերիներու վերադարձման ուղղութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ ձեռնարկուած աշխատանքներուն։