ԽՈՒՆԿ ՈՒ ԱՂՕԹՔ ՍՐԲԱՊԱՏԿԵՐԻՆ
Ինչպէս յայտնի է, Ցեղասպանութեան զոհերը վերջերս սրբադասուած էին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ եւ այս շրջագծով պատրաստուած էր նաեւ սրբանկար մը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, նահատակաց այս սրբապատկերը զետեղուած էր Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ, որպէսզի հաւատացեալները բերեն իրենց խոնարհումը եւ աղօթքը։ Յառաջիկայ ամիս սրբապատկերը պիտի փոխադրուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցին։ Հաւատացեալները Օգոստոսին ալ հնարաւորութիւն պիտի ունենան զայն տեսնելու Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ, ապա նաեւ Հայաստանի մէջ գտնուող այլ թեմերու առաջնորդանիստ եկեղեցիներուն մէջ։