ՊՈՒԼԿԱՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ ՆՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ, Պուլ­կա­րիոյ Հա­յոց Թե­մէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ թե­մա­կալ ա­ռաջ­նոր­դի ընտ­րու­թիւ­նը։ Վառ­նա­յի Ս. Սար­գիս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ընտ­րու­թեան իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ նաեւ Ուք­րայ­նոյ Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Մար­կոս Եպսկ. Յով­հան­նի­սեան, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի յանձ­նա­րա­րու­թեամբ։ Ժո­ղո­վի յի­սու­ներ­կու ան­դամ­նե­րէն, ներ­կայ գտնուող 48 պատ­գա­մա­ւոր­ներ Մայր Ա­թո­ռի միա­բան­նե­րու ե­ռա­նուն ցան­կէն Պուլ­կա­րիոյ ա­ռաջ­նորդ ընտ­րե­ցին Մայր Ա­թո­ռի Ըն­կե­րա­յին ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու գրա­սե­նեա­կի տնօ­րէն Տ. Ի­սա­հակ Վրդ. Պօ­ղո­սեա­նը։

Նո­րին Սրբու­թեան օրհ­նու­թիւ­նը ստա­նա­լէ ետք, նո­րըն­տիր ա­ռաջ­նոր­դը պի­տի ստանձ­նէ իր ա­ռաջ­նոր­դա­կան պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը։

Նո­րըն­տիր ա­ռաջ­նոր­դը ծնած է 1978-ին, Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Ա­ւար­տած է Սե­ւա­նի Վազ­գէ­նեան դպրա­նոցն ու Գէոր­գեան ճե­մա­րա­նը։ 2005-ին Շի­րա­կի Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Մի­քա­յէլ Եպսկ. Ա­ջա­պա­հեա­նի ձե­ռամբ ձեռ­նադ­րուած է կու­սակ­րօն քա­հա­նայ։ Մի­ջոց մը Ա­թէն­քի մէջ մաս­նակ­ցած է լե­զուի դա­սըն­թացք­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ Թո­րոն­թո­յի մէջ ու­սա­նած է անգ­լե­րէն եւ Նոր կտա­րա­կա­նի նե­րա­ծու­թիւն։ Մի­ջոց մը ե­ղած է նաեւ Ե­րե­ւա­նի «Խա­չա­տուր Ա­բո­վեան» հա­մալ­սա­րա­նի ա­շա­կեր­տը։ 2010-ին պաշտ­պա­նած է «Վա­րա­գայ Ս. Նշա­նը եւ վան­քը հայ մա­տե­նագ­րու­թեան մէջ» խո­րագ­րեալ վար­դա­պե­տա­կան թե­զը եւ վար­դա­պե­տու­թեան աս­տի­ճան ստա­ցած է՝ Տ. Փա­ռէն Եպսկ. Ա­ւե­տի­քեա­նի ձե­ռամբ։ Տար­բեր պաշ­տօն­ներ վա­րած է Մայր Ա­թո­ռի հա­մա­կար­գէն ներս։ Ան հե­ղի­նակ է նաեւ քա­նի մը գիր­քե­րու։

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2015