ՍՈՒՐԲ ԱՄԵՆԱՓՐԿԻՉ
Երէկ, Հայաստանի Նոր Հաճն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ամենափրկիչ նորակառոյց եկեղեցւոյ օծման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան։ 2001 թուականին հիմնարկէքը կատարուած այս եկեղեցին կառուցուած է յայտնի գործարար Գագիկ Ծառուկեանի բարերարութեամբ։ Նախագծի հեղինակն է ճարտարապետ Արտակ Ղուլեան։
Նախագահ Սարգսեան եւ Վեհափառ Հայրապետը նորակառոյց եկեղեցւոյ առջեւ դիմաւորուեցան Կոտայքի Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Առաքել Արք. Գարամեանի, բարերար Գագիկ Ծառուկեանի, Կոտայքի մարզպետ Կարապետ Գուլոյեանի, Նոր Հաճընի քաղաքապետ Գագիկ Մատթէոսեանի եւ բազում ուխտաւորներու կողմէ։
Իր հայրապետական օրհնութիւնները բաշխելով, Նորին Սրբութիւնը հոգեւորականաց դասու ուղեկցութեամբ հանդիսաւորապէս մուտք գործեց նորակառոյց եկեղեցին, ուր տեղի ունեցաւ օծման կարգ։ Ներկայ էին նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութենէն Տ. Արիս Արք. Շիրվանեան, Արարատեան Հայրապետական Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեան, Մայր Աթոռի Արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, Մայր Աթոռի Եկեղեցական հայեցակարգային հարցերու գրասենեակի տնօրէն Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան եւ Մայր Աթոռի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։
Օծման արարողութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը տուաւ օրուան պատգամը։ «Սիրելիներ, եկեղեցին փրկութեան տապանն է, որ այս կեանքի խռովայոյզ ծովուն մէջ մեզ կ՚առաջնորդէ դէպի խաղաղութեան հանգրուան՝ դէպի բաղձալի նաւահանգիստը փրկութեան, զոր Աստուած կը պարգեւէ», ըսաւ ան ու նոր եկեղեցին համարեց երկնային շնորհներու նոր աղբիւր մը։
Նորին Սրբութիւնը նորակառոյց եկեղեցւոյ համար նուիրեց նաեւ Տիրոջ Ս. Խաչելութեան դրուագով սրբապատկեր մը։ Բաց աստի, Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց Ծառուկեան ընտանիքը, որու ազնիւ յանձնառութիւններով արդէն վեցերորդ եկեղեցին կառուցուած է Հայաստանի մէջ։ Այս առթիւ ան Սրբատառ կոնդակ եւ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» պատուոյ բարձրագոյն շքանշանը շնորհեց Գագիկ Ծառուկեանի ծնողաց՝ Կոլիա եւ Ռոզա Ծառուկեաններուն։