ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՅՈՐԴՈՐԵՑ ԱՄՐԱՊՆԴԵԼ ՀԱՒԱՏՔԸ, ՅՈՅՍՆ ՈՒ ՍԷՐԸ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒ ԿԵԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանի եւ սփիւռքի զանազան թեմերէն եկեղեցականներ, որոնք երկշաբաթեայ վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակցեցան մայրավանքի համալիրէն ներս։ Սա վերապատրաստեալ եկեղեցականներու հերթական խումբն էր, որ ներկայացաւ Վեհափառ Հայրապետին։

Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը անոնց փոխանցեց իր հայրական սէրն ու օրհնութիւնը։ Ան ընդգծեց, որ վերապատրաստման դասընթացքները լաւագոյն հնարաւորութիւնը կ՚ընձեռեն աղօթական մթնոլորտի մէջ առաւել զօրացնելու հոգեւոր կեանքը, հարստանալու նոր գիտելիքներով ու իրարու փորձառութեամբ։ Վեհափառ Հայրապետը եկեղեցականներուն յորդորեց իրենց հոգեւոր ծառայութեան անդաստանէն ներս առաւել զօրացնել համայնքային կեանքը՝ ամրապնդելով հաւատքը, յոյսն ու սէրը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Ան ընդգծեց կարեւորութիւնը հոգեխնամ առաքելութեան իրականացման՝ ի բարօրութիւն հաւատաւոր հայորդիներու, ի պայծառութիւն մայր եկեղեցւոյ եւ ի շինութիւն Մայր Հայաստանի։

Վեհարանի հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց նաեւ վերապատրաստեալ քահանաներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին եկեղեցւոյ կանոնական, ծիսական ու հովուական կեանքին։

Տեսակցութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի կողքին էր՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արարողակարգի եւ արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։

Երեքշաբթի, Յուլիս 23, 2024