ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԱԼ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի նախագահեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Պատարագիչն էր Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան թաղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սիպիլ Արսէնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։

Օրուան պատգամին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անդրադարձաւ շաբաթավերջի սրբազան արարողութիւններուն, որոնց համար յառաջիկայ օրերուն ինքն ալ պիտի մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Այսպէս, Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան եւ Սուրբ Էջմիածնի վերանորոգեալ Մայր Տաճարի վերաօծման շուրջ Նորին Ամենապատուութիւնը խորհրդածութիւններ յանձնեց ներկայ հաւատացեալներու ուշադրութեան։ Ան շեշտեց, որ վերանորոգեալ Մայր Տաճարը հպարտութեան առիթ մըն է ամբողջ հայութեան համար։

 Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2024