ԱՆԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ՎԱՍՏԱԿ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց մեծանուն բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ժառանգները՝ ուղեկցութեամբ բանասէր Փրոֆ. Սերկօ Երիցեանի։ Հանդիպման սկիզբին Սերկօ Երիցեան Նորին Սրբութեան ներկայացուց բանաստեղծի ժառանգները, որոնք Հայաստան այցելեցին Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակի ներկայ յոբելենական շրջանին։

Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը հիւրերուն փոխանցեց իր հայրական օրհնութիւնը՝ ուրախութիւն յայտնելով Հայաստանի մէջ բանաստեղծի ժառանգները միասնական ու համախմբուած տեսնելու կապակցութեամբ։ Քաղցրութեամբ վերյիշելով բանաստեղծի զաւակներու մօտ Մոսկուայի մէջ իր ունեցած հանդիպումներն ու զրոյցները՝ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ Յովհաննէս Թումանեանի թողած ժառանգութիւնը համամարդկային եւ անգնահատելի է իր վաստակը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Նորին Սրբութիւնը աւելցուց, որ Թումանեանի ստեղծագործութիւնները սիրելի եւ ուսանելի են իւրաքանչիւր հայորդիի համար։ Զրոյցի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, որ յառաջիկային Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եւս պիտի տօնախմբուին հայ ժողովուրդի երկու մեծերուն՝ Կոմիտաս Վարդապետի եւ Յովհաննէս Թումանեանի յոբելեանները։ Վեհափառ Հայրապետը հետաքրքրուեցաւ նաեւ Թումանեանի ժառանգներէն իւրաքանչիւրի գործունէութեամբ, ծանօթացաւ վերջին յոբելենական հրատարակութիւններուն։ Հուսկ, ան մաղթեց, որ ժառանգները մշտապէս նախանձախնդիր ըլլան անմահ բանաստեղծի թողած ժառանգութեան նկատմամբ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2019