ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՐԴԻՒՆԱՒՈՐՈՒՄ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնէն ներս վերապատրաստման դասընթացքներուն մասնակցած Հայաստանի եւ սփիւռքի զանազան թեմերէն հոգեւորականները։

Վեհափառ Հայրապետը հանդիպման ընթացքին իր օրհնութիւնը տուաւ հոգեւոր հայրերուն՝ հաստատելով, որ վերապատրաստման դասընթացքները հնարաւորութիւն կու տան աղօթական մթնոլորտի մէջ զօրացնելու հոգեւոր կեանքը, նոր գիտելիքներ ձեռք բերելու, անձնապէս շփուելու եւ փորձառութիւններ փոխանակելու, ինչ որ կը նպաստէ իրենց հովուական ծառայութեան եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան առաւել արդիւնաւորման։

Նորին Սրբութիւնը եկեղեցականներուն յորդորեց իրենց գովարժան ու անսակարկ ծառայութեամբ, ըստ ամենայնի, աջակցիլ հայրենական ու հոգեւոր կեանքէն ներս ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման՝ հետամուտ ըլլալով նաեւ հոգեւոր, ազգային արժէքներու պահպանման ու զօրացման եւ այդ արժէքներով ազգի զաւակներու կրթութեան։

Հուսկ, ան պատասխանեց հոգեւորականներու հարցումներուն, որոնք առընչուած էին եկեղեցւոյ կանոնական, ծիսական եւ հովուական կեանքի հիմնախնդիրներուն։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2024