ՇՔԱՆՇԱՆՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆՄԱՆ ՑԵՐԵԿՈՅԹ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը վեր­ջերս Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ պար­գե­ւատ­րեց խումբ մը մտա­ւո­րա­կան­ներ, ո­րոնց շնոր­հեց Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ «Սուրբ Սա­հակ-Սուրբ Մես­րոպ» շքան­շա­նը։ Պար­գե­ւատ­րեալ­ներն էին՝ ա­րուես­տա­բան Հեն­րիկ Յով­հան­նի­սեան, ա­րե­ւե­լա­գէտ Նի­քո­լայ Յով­հան­նի­սեան, ա­րուես­տա­գէտ Վա­հէ Շահ­վեր­տեան եւ ճար­տա­րա­պետ Նա­րեկ Սարգ­սեան, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կ՚ա­տե­նա­պե­տէ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի ճար­տա­րա­պե­տա­կան խոր­հուր­դին։

Բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւո­րա­կան­ներ ըն­թեր­թե­ցին իւ­րա­քան­չիւր պար­գե­ւատ­րեա­լին հա­մար Նո­րին Սրբու­թեան կող­մէ շնոր­հուած հայ­րա­պե­տա­կան սրբա­տառ կոն­դա­կը։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը հան­դի­սա­ւո­րա­պէս յանձ­նեց ա­նոնց շքան­շան­նե­րը։ Մե­ծա­րեալ­ներն ալ հան­դէս ե­կան ե­րախ­տա­գի­տու­թեան խօս­քով։

Ցե­րե­կոյ­թի ըն­թաց­քին ե­րաժշ­տա­կան կա­տա­րում­նե­րով հան­դէս ե­կան Էջ­միած­նի Հա­յոր­դեաց տան սա­նե­րը։ Ձեռ­նար­կը ա­ւար­տին հա­սաւ Ամե­նայն Հայոց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի ա­ղօթ­քո­վ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2016