ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան վերջին օրերուն այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Իր կեցութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը հիւրընկալուեցաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս։ Նիւ Եորքի առաջնորդարանին մէջ իրեն ի պատիւ սարքուեցաւ ճաշասեղան մը՝ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեանի հիւրընկալմամբ։ Արեւելեան թեմի հոգեւորականաց դասէն ներկայացուցիչներ մասնակցեցան այս հաւաքոյթին, որ անցաւ ընտանեկան մտերմիկ հաւաքոյթի մը մթնոլորտին մէջ։
Առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը, որու ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան այցելութեան համար։ Ան ընդգծեց Երուսաղէմի Ս. Աթոռի նուրբ նշանակութիւնը հայ քրիստոնեաներուն տեսակէտէ եւ յայտնեց, որ Հայ Եկեղեցւոյ տեսլականին վրայ այդ մէկը ունի մեծ ազդեցութիւն։ Թեմակալ առաջնորդը անդրադարձաւ նաեւ աշխարհի զանազան կողմերէն հայ ուխտաւորներու Երուսաղէմ այցելութեան։
Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ անդրադարձաւ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան վերջին իրադարձութիւններուն։ Ան կանգ առաւ հոգեւոր եւ մշակութային աշխուժութեան վրայ՝ Ս. Քաղաքէ ներս հայոց ներկայութեան տեսակէտէ։ Նորին Ամենապատուութիւնը կանգ առաւ հայոց վանքէն ներս ձեռնարկուած շինարարական աշխատանքներուն վրայ։ Ներկայիս Սրբոց Յակոբեանց վանքի ֆիզիքական կառուցուածքը կ՚ամրապնդուի, կ՚արդիականացուին ուխտաւորներու թաղամասերը։ Շինարարական աշխատանքներ կը տարուին նաեւ համաքրիստոնէական սրբավայրերու հայկական բաժիններէն ներս։ Ի լրումն այս բոլորին, Պատրիարքութեան թանգարանն ու գրադարանն ալ կը վերականգնուին այս շրջանին։ Սա կարեւոր նշանակութիւն ունի՝ այնտեղ ի պահ դրուած ձեռագրերուն եւ գեղարուեստական նմոյշներուն տեսակէտէ։ Նիւ Եորքի հանդիպման ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեկացուց նաեւ, որ Երուսաղէմի Ընծայարանին մէջ ներկայիս 35 ժառանգաւոր սան ուսում կը ստանայ։
Հանդիպման աւարտին ներկայ հոգեւոր հայրերը ստացան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը։