Տ. ՅՈՎՆԱՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՅԱԿՈԲԵԱՆ՝ ԳՈՒԳԱՐԱՑ ԹԵՄԻ ՆՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ՝ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան նշանակուեցաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գուգարաց թեմի առաջնորդ։ Ան այս պաշտօնին մէջ կը յաջորդէ նորոգ վախճանեալ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանին։

Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու երիտասարդ եւ շատ արժէքաւոր անդամներէն մին է։ Վերջին տարիներուն ան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետն էր։

Վեհափառ Հայրապետին կողմէ առաջնորդ նշանակման զուգահեռ՝ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան ազատուած է լուսարարապետի եւ Մայրավանքէ ներս զբաղեցուցած միւս բոլոր պաշտօններէն։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2020