ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ԱՅՑԸ ԱՒԱՐՏԱԾ
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան այսօր արդէն աւարտեց Իսթանպուլ կատարած իր այցելութիւնը։ Ծանօթ է, որ շաբաթէ մը ի վեր ան կը գտնուէր քաղաքիս մէջ եւ անցեալ շաբաթավերջին կարճատեւ այցելութիւն մըն ալ տուած էր Անգարա։ Այս այցելութեան վերաբերեալ որեւէ պաշտօնական հաղորդում չկատարուեցաւ։
Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի Իսթանպուլի կեցութեան օրերը զուգադիպեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելած օրերուն։ Նկատի ունենալով, որ Ընդհանուր Փոխանորդը երէկ վերադարձաւ, հաւանական էր, որ Երուսաղէմի Պատրիարքը տեսակցէր իրեն հետ։ Այս առաւօտ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մեզի յայտնեց, թէ երէկ այդպիսի տեսակցութիւն մը տեղի չէ ունեցած, որովհետեւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան կապ չէ հաստատած Պատրիարքարանին հետ։
Նորին Սրբազնութիւնը աւելցուց նաեւ, թէ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքը այսօր հրաժեշտ կ՚առնէ քաղաքէս եւ առ ի քաղաքավարութիւն օդակայանի ճանապարհին իրեն կ՚ուղեկցի Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։