ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Սրբոց Վարդանանց տօնը։ Այս առթիւ բիւր յարգանքով մեր եկեղեցին հերթական անգամ խնդրեց Վարդանանց սուրբերուն բարեխօսութիւնը։ Աւարայրի դաշտին վրայ նահատակուած հազար երեսուն եւ վեց վկաները վերյիշուեցան՝ որպէս հայոց ազգային ինքնութեան տիպար կերպարներ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան ու եկեղեցական տօնացոյցին, Ս. Վարդանանց տօնին օրը նշուեցաւ նաեւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի անուանակոչութիւնը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ առաւօտ տեղի ունեցան աւանդական տօնակատարութիւններ, որոնց նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ. Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Պատարագիչն էր Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։ Ներկայ էին նաեւ՝ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի երեք սրբազանները՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Կրօնական ժողովի հրաժարեալ ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
Իջման Սուրբ Սեղանին շուրջ, յաւարտ արարողութեան կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք։ Նորին Սրբութիւնը պատմական հայրապետական գահուն վրայ բազմած էր, իր կողքին ունենալով Երուսաղէմի միաբաններէն Տ. Արիս Արք. Շիրվանեանն ու Ս. Էջմիածնի երիցագոյն միաբաններէն Տ. Ոսկան Արք. Գալփաքեանը։ Հայրապետական մաղթանքին հանդիսապետեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ Իջման Ս. Սեղանին առջեւ ծնրադիր աղօթեց՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ պայծառութեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութեան եւ Վեհափառ Հայրապետի կենաց արեւշատութեան համար։
Եկեղեցական
- 11/27/2024