ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եզրափակուեցաւ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով քառօրեայ նստաշրջանը, որ տեղի ունեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ։ Ըստ տեղեկատուութեան համակարգի կողմէ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան, ժողովներուն ատենապետեցին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան։

Նստաշրջանի ընթացքին Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը քննարկեց իր կանոնադրութեան լրամշակուած նախագիծը։ Կանոնադրութիւններու մշտական յանձնախումբի անդամ Փրոֆ. Գէորգ Դանիէլեան լուսաբանութիւններ տուաւ նախագծին վրայ։ ԳՀԽ-ի անդամները քննարկեցին այդ նախագծին հետ առընչուած Հայ Եկեղեցւոյ թեմերէն ստացուած դիտարկումներն ու առաջարկները։ Կարեւոր նկատելով փաստաթուղթի վերջնական խմբագրման աշխատանքը՝ յանձնարարուեցաւ պատրաստուած կանոնադրութիւնը ներկայացնել յառաջիկայ Ազգային-եկեղեցական ժողովի վաւերացման։

Նկատի ունենալով, որ 2018 թուականը Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հռչակուած է Երիտասարդութեան տարի՝ այս նիւթը ժողովի օրակարգին վրայ կարեւոր տեղ գտաւ։ Այս կապակցութեամբ ծրագրուած ձեռնարկներու եւ երիտասարդական ուխտագնացութիւններու մասին հանգամանալի զեկոյց մը ներկայացուց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որ կը գլխաւորէ Հայ Եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդաց միաւորումը։ Տեղեկացուեցաւ, որ հիմնական ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան 4-8 Յուլիսի ժամանակահատուածին ու պիտի եզրափակուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մատուցուելիք ուխտի Ս. Պատարագով։ Նոյն ծիրին մէջ տարուան ընթացքին կը նախատեսուին երիտասարդական խումբերու այցելութիւններ սփիւռքի թեմերէն։

ԳՀԽ, անհրաժեշտ թելադրութիւնները կատարելով, ողջունեց իրականացուած նախապատրաստական աշխատանքները։

ԳՀԽ-ի նստաշրջանին ընթացքին ժողովականներու նկատառման յանձնուեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անցեալ տարուան գործունէութեան վերաբերեալ բազմակողմանի տեղեկագրեր։ Հաշուետու զեկոյցներու լոյսին տակ ԳՀԽ գնահատանքով ողջունեց Հայ Եկեղեցւոյ գործունէութեան վերաբերեալ ներկայացուած ընդարձակ տեղեկութիւնները։ 

Միւս կողմէ, ԳՀԽ-ի նստաշըր-ջանի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ եւ Հռոմի Ֆրանսիսքոս Ա. Քահանայապետի կոչին ընդառաջ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ յընթացս Մեծ պահոց հոգեհանգստեան ժամերգութիւն-հսկման կատարուեցաւ նաեւ խաղաղութեան յատուկ աղօթք։ Ներկայ գտնուեցան բարձրաստիճան եկեղեցականներ, ԳՀԽ-ի անդամներ եւ Մայր Աթոռի աշխատակիցներ։ Այս աղօթքը տեղի ունեցաւ Քոնկոյի եւ Հարաւային Սուտանի մէջ խաղաղութեան շուտափոյթ հաստատման համար։ Խաղաղութեան համար կատարուած այս մասնաւոր աղօթքը, անոր մասնակցող զանազան եկեղեցիներու եւ քրիստոնէական յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներու ընկալմամբ, նը-պատակ ունի աւետարանական խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ նոր վկայութիւն մը կերտել այն բոլոր երկիրներուն մէջ, ուր քրիստոնեաները ամենէն աւելի կարիք ունին խաղաղութեան ու ապահովութեան։

Շաբաթ, Փետրուար 24, 2018