ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՕԾՈՒՄ

Հայաստանի Աշտարակ քաղաքին մէջ շաբաթավերջին հոգեւոր մեծ ցնծութիւն ապրուեցաւ՝ Ս. Մարիանէ եկեղեցւոյ վերաօծման ու պաշտամունքի վերաբացման առթիւ։ Հանդիսաւոր արարողութեան նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, որ շրջապատուած էր բարձրաստիճան եկեղեցականներու կողմէ։

Այս եկեղեցւոյ արեւմտեան հատուածի շինարարութիւնը սկսած էր 1905 թուականին, սակայն զանազան պատճառներով ցայսօր անաւարտ մնացած էր։ Անցեալ տարի վերականգնման աշխատանքները սկսած էին՝ բարերարութեամբ Գրիգոր Մովսիսեանի եւ իր ընտանիքին։ Ան «Արմսուիսպանք»ի կառավարիչի տեղակալն է եւ ատենապետը՝ Արագածոտնի թեմակալ խորհուրդին։

Վեհափառ Հայրապետը արարողութեան ընթացքին տուաւ իր պատգամը, նաեւ Գրիգոր Մովսիսեանին շնորհեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւող «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» պատուոյ բարձր շքանշանը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 24, 2020