ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Ապրիլի 24-ի առթիւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հրապարակած է պատգամ մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

Մէկ դարէ աւելի անցած է Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ ծրագրուած եւ իրագործուած Հայոց ցեղասպանութենէն ի վեր։ Եղեռնահար մեր ժողովուրդը փրկուած բեկորներով ցրուեցաւ աշխարհով մէկ՝ իր պատմական հայրենիքին եւ գաղթի անապատներուն մէջ թողելով մէկ եւ կէս միլիոն նահատակներ։

Քսաներորդ դարասկիզբին հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը արձանագրուած է որպէս մարդկութեան դէմ գործուած դարու առաջին յանցագործութիւնը՝ ազգի բնաջնջման, էթնիք թշնամանքի հրէշաւոր դրսեւորումներով։

Ցեղասպանութեան ողբերգութեան ցաւը այսօր Արցախի պատերազմի ծանր կորուստներով նորովի պատած է մեր ժողովուրդի հոգին։ Մեր սուրբ նահատակներու լոյս յիշատակին առջեւ մեր նուիրական պարտքն է ամրապնդել ազգային միաբանութիւնը, ներքին քաղաքական զարգացումներուն մէջ զերծ մնալ բռնութիւններէ ու բախումներէ եւ նախանձախնդիր ոգիով հետամուտ ըլլալ մեր իրաւունքներու պաշտպանութեան։ Մեր ժողովուրդի կեանքը ձեռքբերումներով զարդարելու, մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն ու սպառնալիքներուն դիմակայելու գրաւականը պետութեան զօրացման պատասխանատուութեան բարձր զգացումն է եւ համախմբումը ազգային ու հոգեւոր արժէքներու շուրջ։

Մեր սուրբ նահատակներու բարեխօսութեան հայցով կ՚աղօթենք Ամենողորմ Տիրոջ, որպէսզի խաղաղ ու անվտանգ ըլլայ մեր երկիրը եւ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդը միակամ ու միասնական կերտէ իր բարօր ու լուսաւոր ապագան՝ յանուն ազգի ու հայրենեաց։

Շաբաթ, Ապրիլ 24, 2021