ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանը, որ վերջին օրերուն այցելեց Հայաստան, ուր մասնակցեցաւ Մատենադարանէ ներս կազմակերպուած Հայագիտական միջազգային քոնկրէսին։ Իր կեցութեան օրերուն տէր հայը իջեւանեցաւ մայրավանքի վանատան երդիքին տակ։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը տէր հօր հետ բաժնեց պոլսահայութեան վերաբերեալ վառ տպաւորութիւնները։ Ան գնահատեց նաեւ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի կողմէ ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս մատուցուած ծառայութեան համար։ Նորին Սրբութիւնը յաջողութիւն մաղթեց տէր հօր, որուն նուիրեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժնէն լոյս տեսած «Համաբարբառ կանոնագիրք հայոց» գիրքէն օրինակ մը։ Հուսկ, Նորին Սրբութիւնը հայրապետական օրհնութիւնը փոխանցեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին։

Իր կարգին, Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան յայտնեց, որ անբացատրելի զգացումներ առթած է՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջավայրը շնչելու եւ Վեհափառ Հայրապետին օծեալ սուրբ աջը առնելու հնարաւորութիւնը։

Պատրիարքական փոխանորդը այս առաւօտ վերադարձաւ քաղաքս։

ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԻՒՐԵՐ

Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը երէկ ընդունեց Ռումէն Ուղղափառ եկեղեցւոյ կողմէ պատուիրակութիւն մը, որուն ընկերացաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռումանիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 24, 2024