ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Միջազգային քրէական ատեանի (ICC) նախկին նախագահ Սիլվիա Ալեխանտրա Ֆերնանտէզ տէ Կուրմենտին։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը հիւր իրաւաբանին ներկայացուց տարածաշրջանի առկայ կացութիւնը՝ մտահոգութեամբ արձանագրելով, որ Ատրպէյճան ուժի սպառնալիքով եւ մարդու իրաւանց խախտմամբ կը շարունակէ իր ծաւալապաշտական նկրտումները եւ նորանոր պահանջներ կը ներկայացնէ Հայաստանին։ Այս ամբողջին մէջ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած անվտանգային հիմնախնդիրներուն՝ կարեւորելով միջազգային զանազան իրաւական կառոյցներու գործօն քայլերը՝ Հայաստանի եւ Արցախէն տեղահանեալ հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան առումով։ Ան մասնաւորապէս կանգ առաւ ցարդ Պաքուի մէջ ի պահ դրուած հայ պատանդներու եւ գերիներու վերադարձի հարցին վրայ։ Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց նաեւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման խնդիրները։
Իր կարգին, յայտնի իրաւաբանը նշեց, որ Հայաստան իր այցելութեան նպատակն է աջակցութիւն ցուցաբերել երկրին, միջազգային քրէական իրաւունքի եւ արդարադատութեան ոլորտներէն ներս, ինչպէս նաեւ քննարկելու ICC-ի հետ արդիւնաւէտ համագործակցութեան ընդլայնումը։