ՀՐԱԺԵՇՏ ՍԵՊՈՒՀ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ

Հայաստանի մէջ այսօր կը յուղարկաւորուի Գուգարաց թեմի առաջնորդ՝ նորոգ վախճանեալ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան։ Եկեղեցական շրջանակներէ ներս վերջին օրերուն ցաւ յառաջացուցած էր իր անժամանակ կորուստը։ Նորին սրբազնութիւնը զոհ գացած է քորոնաժահրի համաճարակին։

Թրքահայութիւնն ալ ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ կու տայ հոգելոյս Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանի։ Ան մեր համայնքի հաւատացեալներուն սիրտը գրաւած բարձրաստիճան եկեղեցական մըն էր։ Այսօր բոլորը կը սգան նախախնամական այս ծանր տնօրինութեան համար։ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան թրքահայ հաւատացեալներուն համար դարձած է այլեւս բարեյիշատակ սրբազան մը։ Ան հոգեւոր ասպարէզէ ներս պիտի յիշուի որքան իր յաջողութիւններով, հասած նպատակներով, այնքան նաեւ իր չիրականացուած իտէալով։ Արդարեւ, Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան թրքահայ հաւատացեալներու յիշողութեան մէջ պիտի մնայ՝ որպէս պատրիարքական թեկնածու։ Ան այդպէս պիտի յիշուի, որովհետեւ այդ թեկնածութիւնը, խորքին մէջ, սիրոյ արտայայտութիւն մըն էր մեր համայնքի նկատմամբ։ Այդ թեկնածութիւնը, ըստ էութեան, մեր համայնքին ծառայութիւն մատուցելու պատրաստակամութեան շօշափելի դրսեւորումն էր։ Ան թէեւ չկարողացաւ հասնիլ այդ նպատակին, սակայն ժամանակներու մէջ վստահաբար լաւագոյնս կ՚արժեւորուի իր այդ բարի ձգտումը, ազնիւ մղումը։

Գուգարաց թեմի Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած է նորոգ վախճանեալ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանի վերջին օծումը։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ծէսին ու կանոններուն համաձայն ան կը յուղարկաւորուի եւ կը բռնէ յաւերժութեան ճանապարհը։ Ան ունի հարուստ կենսագրութիւն մը, որ կը ցոլացնէ իր ծաւալած բազմակողմանի գործունէութիւնը եւ անմնացորդ սպասարկութեան ճանապարհին ներդրած եռանդը։ Հրաժեշտի փուլին բոլորը կը վերյիշեն իր բոլորած կեանքի ուղին։ Այսպէս, Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան ծնած էր 1959 թուականի մարտի 24-ին, Մալաթիա: Նախնական կրթութիւնը ստացած էր Պոլսոյ Ներսէսեան վարժարանէն ներս:

1969 թուականին ընտանիքով տեղափոխուած էր Հայաստան եւ բնակութիւն հաստատած՝ Կիւմրի քաղաքը, ուր շարունակած եւ աւարտած էր միջնակարգ կրթութիւնը:

1978 թուականին ընդունուած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հոգեւոր ճեմարանը:

1979-ին զօրակոչուած էր խորհրդային բանակ եւ զօրացրուելէ յետոյ ուսումը շարունակած՝ Հոգեւոր ճեմարանի մէջ:

1985-ի դեկտեմբերին սարկաւագ ձեռնադրուած էր՝ ձեռամբ Մայր Աթոռի լուսարարապետ Տ. Յուսիկ Արք. Սանթուրեանի:

1986-ի մարտին պաշտպանած էր աւարտաճառ՝ «Ղուկաս Խարբերդցու թարգմանչական գործունէութիւնը» նիւթով: Հոգեւոր ճեմարանը աւարտելէ յետոյ, Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Վազգէն Ա․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ ծառայութեան անցած էր Վեհարանի մէջ՝ որպէս ընդունարանի քարտուղար:

1987-ի յունիսի 7-ին՝ Հոգեգալստեան տօնին, ձեռամբ Տ. Ներսէս Արք. Պոզապալեանի, ձեռնադրուած էր կուսակրօն քահանայ՝ շարունակելով ծառայութիւնը Վեհարանէն ներս:

1987-ի սեպտեմբերին Վազգէն Ա․ Վեհափառ Հայրապետի կարգադրութեամբ նշանակուած էր Հոգեւոր ճեմարանի վերակացու եւ ապա փոխ-տեսուչ:

1989-ի նոյեմբերին պաշտպանած էր վարդապետական թեզ՝ «Պահքը Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցում» նիւթով:

1990-ին Վազգէն Ա․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ նշանակուած էր Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ:

1991-ին հրաւիրուած էր Մայր Աթոռ եւ նշանակուած՝ Շիրակի թեմի փոխ-առաջնորդ:

1995-ի յունիսին Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Ա․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ հրաւիրուած էր Մայր Աթոռ եւ զբաղեցուցած՝ Մայր Աթոռի պահեստային տնտեսութեան գոյքագրման յանձնաժողովի նախագահի եւ տնտեսական ու շինարարական գործերով կաթողիկոսի խորհրդականի պաշտօնը:

1996-ին ընդգրկուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան Մարդասիրական օգնութեան կեդրոնական յանձնաժողովին՝ որպէս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչ:

1996-ին նշանակուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայոց Եկեղեցւոյ յարաբերութիւններու խումբին՝ պետութեան կողմէ Մայր Աթոռին կալուածքներու վերադարձման յանձնախումբի նախագահ:

1996-ի յունիսի 3-ին Գարեգին Ա․ Կաթողիկոսի Հայրապետական սրբատառ կոնդակով նշանակուած էր Գուգարաց թեմի առաջնորդ:

1997-ի յունիսի 15-ին՝ ձեռամբ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, ձեռնադրուած եւ օծուած էր եպիսկոպոս:

2000-ի մարտի 24-ին՝ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ նշանակուած էր Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Կանոնադրութեան յանձնախումբի անդամ:

2000-ի նոյեմբերին նշանակուած էր Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ:

2000-ին նշանակուած էր 1700-ամեակի տօնակատարութիւններու գործադիր վարչութեան անդամ:

2012-ի մայիսի 17-ին Գարեգին Բ․ Հայրապետի սրբատառ կոնդակով Սեպուհ Սրբազանին շնորհուած էր «Արքութեան» պատիւ՝ քահանայագործութեան 25-ամեակի եւ առաջնորդութեան 15-ամեակի առթիւ:

Սրբազան հայրը հոգեւոր սպասաւորութեան ընթացքին արժանացած էր բազում կոչումներու եւ պարգեւներու։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2020