ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԱՂԹԵՑ, ՈՐ ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐԸ ԱՊՐԻՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԼԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս շրջանին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ իրերայաջորդ կը հիւրընկալէ Հայաստանի զանազան շրջաններէն բազմազաւակ ընտանիքներ։ Ամանորի տօնական շրջանին նման խումբեր կ՚այցելեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ այս այցելութիւններով կը նշանաւորուի նաեւ՝ Վեհափառ Հայրապետի կողմէ հռչակուած ներկայ Ընտանիքի տարին։ Վերջերս այսպիսի խումբ մը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ էր Հայաստանի Մասիս քաղաքէն։
Իր հոգւոյ բերկրանքը արտայայտելով բազմազաւակ ընտանիքներու՝ ամենայն հայոց հոգեւոր կեդրոն այցելութիւններուն առիթով՝ Վեհափառ Հայրապետը օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց այս ուխտագնացութեան մեծահասակ եւ կրտսեր մասնակիցներուն։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ Ընտանիքի տարին հռչակած էր, որպէսզի անդրադարձ կատարուի այն արժէքներուն, որոնցմով հայ ընտանիքը ամուր է եւ հզօր։ Ըստ Նորին Սրբութեան, այդ արժէքները կարելի է ամբողջացնել երկու կարեւորագոյն՝ աստուածսիրութեան եւ հայրենասիրութեան գաղափարներով, որոնց վրայ խարսխուած իւրաքանչիւր ընտանիքէն ներս կը գերակայեն սէրը, փոխադարձ յարգանքն ու համերաշխութեան ոգին։
Վեհափառ Հայրապետը մաղթեց, որ Տիրոջ Ս. Աջը մշտապէս հայ ընտանիքներու հովանին ըլլայ, որպէսզի ապրին Աստուծոյ օրհնութեան ու լիութեան մէջ։