ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆ
Հռոմի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Կաթոլիկ-Արեւելեան Ուղղափառ միջեկեղեցական երկխօսութեան միջազգային աստուածաբանական միացեալ յանձնախումբին հերթական նստաշրջանը։ Ժողովները սկսան անցեալ շաբաթավերջին ու պիտի շարունակուին մինչեւ Յունուարի 28-ը։ Իր տեսակին մէջ 14-րդն է այս նստաշրջանը։ Երկխօսութեան համար նախատեսուած աստուածաբանական նիւթն է՝ «Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը եւ եկեղեցին»։ Նիստերու ընթացքին միացեալ յանձնախումբի 26 անդամները կը քննարկեն երկու եկեղեցական ընտանիքներէ ներս Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդի պատմական զարգացումը, ծիսական-աստուածաբանական առանձնայատկութիւնները եւ եկեղեցաբանական արտայայտումները։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ յանձնախումբի աշխատանքներուն պաշտօնապէս կը մասնակցին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան։
Հայոց եկեղեցիէն ներս Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդի ծիսական-աստուածաբանական առանձնայատկութիւնները կը ներկայացուին «Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդի պատմական զարգացումը, Սուրբ Պատարագի եւ եկեղեցւոյ աստուածաբանական առընչութիւնները Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աւանդութեան մէջ» խորագրեալ զեկուցումով մը։
Եկեղեցական
- 11/27/2024