ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԱԾ Է ՄԱԿ-Ի ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, որ վերջերս այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, արդէն աւարտած է իր շփումները։ «Պայքար» շաբաթաթերթի հաղորդումներով, Վեհափառ Հայրապետը Նիւ Եորքի մէջ հանդիպումներ ունեցած է ամերիկահայ կարգ մը ազգայիններու, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի պաշտօնատարներու հետ։ Նորին Սրբութիւնը Նիւ Եորքի կեցութեան օրերուն այցելութիւն մըն ալ տուած է ամերիկահայ հեղինակաւոր ազգային գործիչ Նազար Նազարեանին, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կարեւոր բարերարներէն է եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) շրջանակներու խորհրդանշական անուններէն։ Ըստ նոյն աղբիւրին, Վեհափառ Հայրապետը ուղեւորութեան ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի եւ Արցախի կեանքի առկայ մարտահրաւէրներուն եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ ձեռնարկուած մարդասիրական օժանդակութեան ծրագրերուն։

Վեհափառ Հայրապետը Նազար Նազարեանին այցելած է մայիսի 16-ին, ինչ որ բնորոշած է իր ուղեւորութեան ծրագրի աւարտը։ Նազար Նազարեան մօտաւոր անցեալին քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ կորսնցուցած էր իր կողակիցը՝ Արտեմիս Նազարեանը։ Հանդիպման ներկայ գտնուած են ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան, յայտնի բարերարի հարազատներէն՝ տքթ. Լեւոն Նազարեան եւ Սեդա Նազարեան։ Նորին Սրբութեան կողքին եղած է նաեւ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմակալ առաջնորդ Տ. Եզրաս Արք. Ներսիսեան։ Ինչպէս ծանօթ է, դէպի ԱՄՆ ուղեւորութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին ընկերացած էր նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։

Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Վեհափառ Հայրապետը Նիւ Եորքէն հրաժեշտ առնելով ուղեւորուած է Մոսկուա։

Երեքշաբթի, Մայիս 25, 2021