ԳՐԳՈՐԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՒ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ կա­յա­ցաւ ազ­գա­յին բա­րե­րար, Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին հե­րոս Գըրգ Գրգո­րեա­նի յի­շա­տա­կին նուի­րուած ա­րա­րո­ղու­թիւն մը։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի նա­խա­գա­հու­թեամբ կա­տա­րուած հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք տե­ղի ու­նե­ցաւ ո­գե­կո­չու­մի հան­դի­սու­թիւն մը, ո­րուն ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին նաեւ երկ­րի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նին։ Այս առ­թիւ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան, որ ը­սաւ, թէ Գըրգ Գրգո­րեան կը մարմ­նա­ւո­րէ այն Հա­յաս­տա­նը, որ գող­ցուած է ի­րենց­մէ։ «Մար­դը կ՚ապ­րի այն­քան ժա­մա­նակ, որ­քան ժա­մա­նակ կը յի­շեն եւ կը խօ­սին իր մա­սին։ Մենք մեր հե­րո­սը՝ Գըրգ Գրգո­րեա­նը պի­տի չմոռ­նանք։ Մենք պի­տի յի­շենք, որ իր շնոր­հիւ Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­ռու­ցուե­ցան ու նո­րո­գուե­ցան բազ­մա­թիւ ճամ­բա­ներ, են­թա­կա­ռու­ցուածք­ներ, մշա­կու­թա­յին օ­ճախ­ներ եւ նոր զարկ տրուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան», ը­սաւ ան ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նե­լով հան­գու­ցեա­լին՝ Հա­յաս­տա­նի կեան­քին մէջ ու­նե­ցած լուրջ ա­ւան­դին հա­մար։

Հինգշաբթի, Յունիս 25, 2015