ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԵՐԷԿ ՀԵՌԱՎԱՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ հեռակապով հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոպայի երկիրներու Հայ Եկեղեցւոյ թեմակալ առաջնորդներու, հայրապետական պատուիրակներու եւ առաջնորդական տեղապահներու հետ։ Տեսակապի ձեւաչափով հանդիպման մասնակցեցան Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Շուէտի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Տիրան Եպսկ. Պետրոսեան, Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեան, Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ եւ Պուլկարիոյ հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան, Անգլիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան, Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեան, Պալթեան երկիրներու հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան, Զուեցիրոյ հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Գուսան Վրդ. Ալճանեան եւ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Խորէն Վրդ. Առաքելեան։

Իր հայրական օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները փոխանցելով Եւրոպայի հայկական եկեղեցական կառոյցները ներկայացնող հոգեւորականներուն՝ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց նման հանդիպումներու պարբերաբար կատարուիլը։ Նորին Սրբութիւնը ողջունեց ժամանակակից փորձագիտութիւններու գործածութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ հայոց հայրապետի հետ առցանց կապ հաստատելու այս հնարաւորութիւնը։ Ան վստահութիւն յայտնեց, թէ սա մեծապէս կը նպաստէ հոգեւոր առաքելութեան առաւել արդիւնաւէտ իրագործման, Եկեղեցին յուզող հարցերու շուրջ քննարկումներու ծաւալման եւ փորձառութեան փոխանակման։ Վեհափառ Հայրապետը օգտակար նկատեց Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութիւններու ու կանոններու շուրջ թեմերու վարչականներու եւ հոգեւոր սպասաւորներու գիտելիքներու խորացման նպատակով առցանց զանազան ուսուցողական ծրագրերու կազմակերպումը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններն ու պաշտօնէութիւնը այս ուղղութեամբ կրնան իրենց նպաստը բերել։

Հեռավար հանդիպման տեւողութեան քննարկուեցան Եւրոպայի հայ համայնքներուն, եկեղեցական կեանքին եւ առկայ իրադրութեան մէջ եկեղեցականներու հովուական առաքելութեան առընչուող շարք մը հարցեր։ Թեմակալ առաջնորդները Նորին Սրբութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին ներկայ իրավիճակի, քորոնաժահրի համավարակի կանխարգիլման եւ հետեւանքներու յաղթահարման ուղղութեամբ թեմերու եւ հայրապետական պատուիրակութիւններու կողմէ ձեռնարկուած քայլերու մասին։ Ուրախութեամբ ծանուցուեցաւ, որ յառաջիկայ ամիս Եւրոպայէ ներս հայկական եկեղեցիները պիտի սկսին լիարժէքօրէն գործել՝ պահպանելով բոլոր անհրաժեշտ կանոնները։ Այս կապակցութեամբ մասնաւոր քննութեան առարկայ դարձաւ Սուրբ Հաղորդութեան բաշխման ձեւի հարցը։ Վերահաստատուեցաւ, որ մինչեւ նոր տնօրինութիւն պէտք է պահպանուի բաշխման աւանդական եղանակը՝ ապահովելով հիժենիք բոլոր կանոնները։

Վեհափառ Հայրապետը տեղեկութիւններ փոխանցեց համաճարակի պայմաններուն ներքեւ Հայաստանէ ներս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ ձեռնարկուած ընկերային, կրթական եւ առողջապահական ծրագրերու մասին։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ իր գնահատանքը յայտնեց այն թեմերուն, որոնք իրենց նուիրատուութիւններով զօրակցած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ընկերային աջակցութեան ծրագրերուն, ինչպէս նաեւ իրենց երկիրներէ ներս կազմակերպած են օժանդակութեան կարիքի մէջ յայտնուած հայորդիներու համար։

Վեհափառ Հայրապետը մասնաւորապէս անդրադարձաւ Միածնաէջ Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան եւ ամրակայման աշխատանքներու ընթացքին։ Ան գոհունակութեամբ յիշեցուց, որ յունիսի 14-ին տաճարի կեդրոնական գմբէթի  խաչը օծուած ու տեղադրուած էր։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ խաչի զետեղումը Տիրոջ օրհնութեան եւ շնորհի նշանն է, յոյս առկայ դժուարութիւններու յաղթահարման եւ կեանքի բնականոն ընթացքի վերականգնման։

Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը պատգամեց, որ հոգեւոր դասը զօրացնէ ազգային-եկեղեցական կեանքը թեմերէ եւ պատուիրակութիւններէ ներս՝ նպաստելով նաեւ ազգային ինքնութեան անխաթար պահպանման եւ հայ համայնքներու պայծառութեան։ Ան կարեւոր նկատեց, որ եկեղեցիներու հովուական աշխոյժ աշխատանքի շնորհիւ իւրաքանչիւր հայորդի ներգրաւուի համայնքային եւ եկեղեցական կեանքին՝ այդպէսով ամրապնդելով իր կապը նաեւ Եկեղեցւոյ, ազգի եւ Հայաստանի հետ։  

Հինգշաբթի, Յունիս 25, 2020