ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ՅՈՐԴՈՐԷ ՄԻՇՏ ԻՐԵՆՑ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ՀՄՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Ի ՍՊԱՍ ԴՆԵԼ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԵՒ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԿԱՄԱՒՈՐ ԾՐԱԳՐԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ ընդունեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Եկեղեցասէր երիտասարդաց միութիւններու աւագ խումբի անդամները, որոնց կ՚ուղեկցէր Ֆիլատելֆիոյ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յակոբ Քհնյ. Գէորգեան։ Երիտասարդները Հայաստան մեկնած են կամաւորական ծրագրերու մասնակցելու համար, նաեւ հաղորդ դառնալու պատմամշակութային ու հոգեւոր ժառանգութեան։

Վեհափառ Հայրապետը ուրախութիւն յայտնեց երիտասարդները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալելու առիթով։ Ան գոհունակութեամբ հաստատեց, որ սփիւռքահայ երիտասարդներու մասնակցութիւնը զանազան կամաւոր աշխատաքներու նաեւ կ՚ամրապնդէ անոնց կապը Մայր Հայաստանի հետ ու կը նպաստէ հայրենասիրական ոգիի զօրացման։ Ան գնահատեց նաեւ երիտասարդներու ծառայանուիրումը՝ յորդորելով միշտ իրենց կարողութիւններն ու հմտութիւնները ի սպաս դնել մարդասիրական ու բարեգործական կամաւորական ծրագրերուն։

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը երիտասարդներուն պատգամեց անխաթար պահել իրենց ինքնութիւնն ու հաւատարմութիւնը նախնեաց արժէքներուն նկատմամբ եւ աշխուժօրէն ներգրաւուիլ ազգային-եկեղեցական կեանքին։

Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութեան կողքին էր՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արարողակարգի բաժնի պետ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։

Հինգշաբթի, Յուլիս 25, 2024