ԻՆԸ ՆՈՐԱՕԾ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րին մէջ ան­ցեալ Կի­րա­կի նա­խա­գա­հեց Գիւտ Խա­չի տօ­նին առ­թիւ մա­տու­ցուած Սուրբ Պա­տա­րա­գին։ Մայր Ա­թոռ  Սուրբ Էջ­միած­նի Լու­սա­րա­րա­պետ Տ. Յով­նան Եպսկ. Յա­կո­բեա­նի կող­մէ մա­տու­ցուած Սուրբ Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցաւ քա­հա­նա­յա­կան ձեռ­նադ­րու­թիւն։ Այս­պէս, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի ինն սար­կա­ւագ­ներ ստա­ցան քա­հա­նա­յա­կան օ­ծում։

Տ. Յով­նան Եպսկ. Յա­կո­բեան ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին խօ­սե­ցաւ քա­րոզ մը, ո­րու ա­ւար­տին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պետն ու միւս հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը խո­րան բարձ­րա­նա­լով շնոր­հա­ւո­րե­ցին նո­րապ­սակ քա­հա­նա­նե­րը՝ համ­բու­րե­լով ա­նոնց միւ­ռո­նա­բոյր ճա­կատ­նե­րը։

Նո­րաօծ քա­հա­նա­նե­րը Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ կ՚ան­ցը­նեն ի­րենց քա­ռաս­նօ­րեայ ա­պաշ­խա­րու­թեան շրջա­նը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2016